Սօս Սարգսեան Պիտի Յուղարկաւորուի Կոմիտասի Պանթէոնին Մէջ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի մահուան առիթով Հայաստանի վարչապետին որոշումով ստեղծուած թաղման կառավարական յանձնախումբի նիստը: Հայաստանի կառավարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ նիստին ընթացքին որոշում տրուած է, որ մեծանուն դերասանի քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունենայ այսօր` ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Համազգային» պետական թատրոնին մէջ, վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը` 29 սեպտեմբերին, ժամը 11:30-13:30(Երեւանի ժամանակացոյցով)` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը նոյն օրը ժամը 14:00-ին Կոմիտասի այգիի պանթէոնին մէջ:

