Եպիսկոպոսաց Ժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները

24-27 սեպտեմբեր Մայր աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:

«24 սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշած է` որդեգրել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն ներկայացնելու համար, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:

25-26 սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 սեպտեմբերի նիստերը նուիրուած էին հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:

Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ:

Ժողովականները կարեւոր նկատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:

Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2014 թուականի աշնան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )