ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի
Երկրի զանազան կողմերու պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Աւետիս Կիտանեանէ, Րաֆֆի Աշքարեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց նախկին նախարար Միշել Մըրի:
Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:
CATEGORIES Լիբանանեան