Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքի ձեր վայրին մէջ կրնաք ունենալ սիրային հանդիպում մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի համար դժուար պիտի ըլլայ գաղտնիք մը պահել: Զսպեցէք ձեր լեզուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դիւանագիտութիւնը պիտի օգնէ ձեզի` ձեռք ձգելու ձեր ուզածը: Խոհե՛մ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործատէրը կամ տնօրէնը կը հսկէ ձեր աշխատանքին: Լաւ աշխատեցէք եւ կատարեցէք լաւագոյնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ձեռքին ունիք լաւ տուեալներ, եւ աստղերը նպաստաւոր են գործի սկսելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ծանրաբեռնուած աշխատանքի ընթացքին: Հանդարտութեամբ աշխատեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ազդու օգնութիւն մը պիտի ստանաք, լաւագոյն ձեւով արժեւորեցէք այս օգնութիւնը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ շահագործեն ձեզ` ո՛չ աշխատանքի մէջ եւ ո՛չ ալ այլ տեղ մը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկուի աշխատանքային ճամբորդութիւն կատարել. ընդունեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւատես ըլլալու իրաւունք ունիք: Ականջ մի՛ կախէք ուրիշներու կարծիքին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր յարաբերութիւններուն մէջ ժխտական կեցուածք մի՛ ունենաք: Շինիչ յարաբերութիւն ունեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի վայրին մէջ կարգ մը գործակիցներուն վատ տրամադրութեան դէմ կեցէք: Դուք ձեզ պարտադրեցէք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )