50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1963)
Տոմսեր
Հիմա Որ Անօթեցան,
Մենք Կը Կշտանանք…
ՄԱԿ-ի 18-րդ Ընդհ. ժողովը բացուեցաւ քանի մը օր առաջ, Նիւ Եորքի մէջ:
Ութսունի մօտ հարցեր կան սեղանի վրայ, եւ, անշո՜ւշտ, բազմաթի՜ւ հարցեր` ՍԵՂԱՆԻ ՏԱԿ…
Սեղանի վրայ գտնուող հարցերուն մասին երկա՜ր ճառեր պիտի խօսուին անտարակոյս. սակայն սեղանին կամ ծածկոցին տակ գտնուող հարցերը պիտի մնան դարձեալ «բացակայ»` մեծ Արիսպագոսի բեմերէն եւ մեծ մամուլի էջերէն:
Օտար լրագրող մը կը գրէր երէկ.
– «Որքան արդար դատեր կան, որոնք կը ջանան ՄԱԿ-ի սանդուխներէն ելլել, եւ պաշտպան մը գտնելով` գէթ ճառի մը արժանանալ:
Սակայն այդքա՛նն իսկ կը զլացուի նման անպաշտպան հարցերու` քաղաքական հաշիւներով»…
Չենք գիտեր, թէ օտար լրագրողը ո՛ր հարցին կ՛ակնարկէ. սակայն մենք կը սիրենք ենթադրել, թէ մեր հարցն ալ ադոնց կարգին է…
«Սփիւռք»-ի խմբագրին Վարշաւայի հետ ունեցած հեռախօսային խօսակցութենէն ետք, կ՛ակնկալուէր, որ գէթ Կեմպարսքի կոչ մը ուղղէ ՄԱԿ-ին:
Ի՜նչ օգուտ սակայն. մեր ազնիւ լեհ բարեկամին կոչն ալ պիտի մնար սեղանի կամ ծածկոցի տակ, ինչպէս մնացած են այնքա՜ն ուրիշներ…
«Սփիւռք» կը յայտնէր նաեւ, թէ Հնդկաստանի վարչապետ Նեհրու պիտի պաշտպանէ Հայ դատը ՄԱԿ-ի առջեւ:
Նեհրու տակաւին Նիւ Եորք հասած չէ, իսկ հասնող հնդկական պատուիրակութեան նախագահը` տիկին Փանթիթ, յայտարարած է.
– «Հնդկաստանի սահմանները միշտ վտանգի տակ կը գտնուին: Պէտք է աչալուրջ հսկենք»:
Այսպէ՜ս, ուրեմն:
Վտանգուած բարեկամ Հնդկաստանէ մը կարելի՞ է ակնկալել, որ խօսք բանայ ուրի՜շ վտանգուածներու մասին…
Կը նշանակէ, որ հազի՜ւ բարեկամ մը գտած` զայն եւս… «վտանգուած» կը գտնենք:
Իսկ ի՞նչ ջուրի վրայ է մեր պանծալի՜ «պաշտպան» Մոսկուան, որ իր հայրակա՜ն եւ «բարեխնա՜մ» գաւազանի շուքին տակ կը պահէ մեր հայրենիքը…
Քաղաքական գործերու մասնագէտ հայրենակից մը, պարտէզը նստած, հետեւեալ երազը կը հիւսէր.
– Մեծ յոյս ունիմ, որ Հայ դատը շուտով լուծուի Մոսկուայի կողմէ:
– Ի՛նչ հիմք ունիս այդ յայտարարութեանդ համար:
– Բաւական ամուր, տոկուն հիմքեր կան: Կարդացի թերթերու մէջ, թէ Խորհրդային Միութիւնը ցորեն կը գնէ արտասահմանէն: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ռուսերը անօթի են:
Անցեալները, ռամկավար քաղաքական յօդուածագիր մը կը պնդէր, որ երբ ռուսերը անօթենան, պիտի հարկադրուին իջնել դէպի հարուստ հողեր` կշտանալու համար: Իսկ լուացուելու համար պիտի իջնեն դէպի տաք ջուրերը:
Հասկնալի է, չէ՞, թէ ո՛ւր պիտի իջնեն…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Օրհնեալ Ըլլաս…
1913-ին Կոմիտաս վարդապետ կ՛երթայ Ատափազար` ներկայ գտնուելու համար յոբելինական հանդէսի մը, որ տեղի կ՛ունենար (մոռնամ շեշտելու, եկեղեցիի մը մէջ) ի պատիւ ծերունազարդ վարժապետի մը:
Երբ հանդէսին պաշտօնական մասը կը վերջանայ, ժողովուրդը թախանձագին կը խնդրէ.
– Վարդապե՛տ, «Տէր, ողորմեա» մը երգէ, քու «Տէ՛ր, ողորմեա»-դ…
Ու վարդապետը կ՛երգէ ի՛ր «Տէր, ողորմեա՛»-ն, որ երկու տարի ետքն ալ պիտի լսուէր իր շրթունքներէն` Այաշի բանտին մէջ:
Ժողովուրդը կ՛արտասուէ: Հայոց ժողովուրդը, որ արդէն իր Աստուծուն քով գացեր ու բազմեր էր Անոր աջ կողմը` Կոմիտասի աղօթքով:
«Տէ՛ր, ողորմեա»-էն ետք, բազմութիւնը ա՛լ պէտք է տուն երթար: Չ՛երթար: Ու մէկ բերան կ՛աղաչէ.
– Վարդապե՛տ, հոգո՛ւդ մատաղ, «Կռունկ»-ը, «Կռունկ»-ը…
Ու վարդապետը կ՛երգէ իր «Կռունկ»-ը:
Կ՛երգէ, այո՛, այո՛, Ատափազարի հայոց եկեղեցիին խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ` Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ներկայութեան:
***
Այսօր մեզի հետ չէ Կոմիտաս վարդապետը: Անվերադարձ մեկնեցաւ 1935-ին:
Բայց այդ թուականէն քսանամեակ մը առաջ ալ մեզի հետ չէր:
Արհաւիրքի տարին, սուլթանական հրովարտակով, Կոմիտասն ալ խառնեցին «հայրենիքի թշնամիներ»-ու կարաւանին ու աքսորեցին Անատոլու:
Այաշի բանտէն մեր ձեռքը հասած երկտողի մը մէջ վարդապետը կը գրէր.
– Ես կեանքումս երկու բան չեմ մոռանայ… Թէ ինչպէ՜ս իմ ծննդավայրում, չորս տարի շարունակ, առանց բարձի նստում էի վարժարանի չոր, սառը յատակին, որբացած թափառում էի փողոցներում… Եւ մէկ էլ, աքսորում եղած ժամանակ, տաճիկ ոստիկանի ծոծրակիս հասցրած բռունցքի հարուածը…
Այդ տարին էր, որ Կոմիտասը փլաւ: Խորտակուեցաւ: Ու մեզի այնպէս թուեցաւ, որ ալեփառ Մասիսն էր` փուլ կու գար:
Երբ սուլթանական հրովարտակ մը զինք Վոսփորի ափերը կը վերադարձնէր, «վերադարձուած»-ը Կոմիտասի ստուերն էր միայն:
Այդ օրէն ետքն էր, որ հայ ժողովուրդը ա՛լ չլսեց անոր շրթունքներէն` ո՛չ անոր «Անտունի»-ն, ո՛չ անոր «Մոկաց Միրզէն», ո՛չ անոր «Կռունկ»-ը ո՛չ ալ անոր «Տէ՛ր, ողորմեա»-ն:
ԵՒՐՈՊԱՑԻ

