Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Բարակ Ներբանով Կտաւէ Մարզանքի Կօշիկները Նախընտրելի Են

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՐԶԱՆՔԻ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ` ԻՐԵՆՑ ՀԱՍՏ ՆԵՐԲԱՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ԿՐՈՒՆԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԴԺՈՒԱՐԱՑՆԵՆ ՎԱԶԵԼԸ, ՄԻՆՉԴԵՌ` ՏԱՓԱԿ ՆԵՐԲԱՆՈՎ ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ ՆՈՒԱԶ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ, ՔԱՆ` ԲԱՐՁԻԿՆԵՐՈՎ ՊԱՏՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱՆՔԻ ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ:

Մանուկները աւելի բնական ձեւով կը վազեն` գործածելով իրենց ոտքերուն առջեւի մասը, քան` կրունկը: Գէթ այսպէս կը յայտարարեն գիտնականներ` ուսումնասիրելով մարզանքի արդիական կօշիկները:

Անոնք կ՛ըսեն, թէ ամէն կողմէ բարձիկներով պատուած եւ հաստ կրունկով մարզանքի նոր կօշիկները կը դժուարացնեն ոտքին առջեւի մասին շարժումները, ինչ որ աւելի դիւրին է, քան` կրունկով կոխելը:

Երբ մանուկներ վարժուին նման կօշիկներ կրելու, չեն կրնար աւելի բնական ձեւով վազել սորվիլ, կ՛ըսէ Նորթամպրիոյ համալսարանէն մարմնակրթանքի մասնագէտ Մայք Ուիլքընսըն:

«Ծնողներու պիտի թելադրէի գնել ոչ թէ սուղ վաճառանիշով Ատիտաս կամ Նայքի կօշիկ մը, որ ամէն կողմէ պատուած է բարձիկներով, այլ` ճկուն եւ տափակ ներբանով մարզանքի պարզ կօշիկ մը», կ՛ըսէ ան:

«Բազմաթիւ ապացոյցներ փաստած են, թէ մարդկային ոտքը կազմուած է այնպէս, որ յարմարի ոտքին մէջտեղի մասով ուժ բանեցնելու եւ վազելու», կը բացատրէ ան:

«Թելադրելի է ամէնէն բնական ձեւով վազելու ձեւը քաջալերելը», յայտարարած է Ուիլքընսըն` վերջերս Նիւքասըլի մէջ տեղի ունեցած Բրիտանական գիտական փառատօնին առիթով:

Բարձիկներով պատուած մարզանքի կօշիկները նորաձեւութիւն են, սակայն անոնք լաւագոյն ընտրութիւնը չեն մարզանքի եւ վազելու համար:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ մարդկային ոտքը ձեւաւորուած է երկար վազելու յարմարութեամբ: «Շատեր կը փորձեն բոպիկ վազել: Այս ուղղութիւնը սկսած է ընդհանրանալ Ամերիկայի մէջ եւ այժմ հասած է Եւրոպա», կ՛ըսէ Ուիլքընսըն:

«Մարմինը օժտուած է հարուածներու դիմադրող հակազդեցութիւններով, որոնք կը խթանուին ներբանին զգացումներով, ինչ որ բնական ձեւով կը պաշտպանէ ոտքը, երբ անոր հարուածը կ՛իջնէ գետնին»:

Ուիլքընսըն կը նախատեսէ, որ մօտ ապագային վազողներուն 20 առ հարիւրը պիտի տառապի տեւաբար կրունկով գետնին հարուածելու պատճառով յառաջացած ոտքի եւ սրունքի ոսկորներու վնասուածքներէ:

«Թէեւ մարզանքի կօշիկներ արտադրող ընկերութիւններ կը յայտարարեն, թէ բարելաւած են վազքի յատուկ կօշիկները, սակայն վնասուածքներու համեմատութիւնը անփոփոխ կը մնայ 1970-ական տարիներէն վեր: Ասիկա ոմանց մտածել կու տայ, թէ բոպիկ վազելը աւելի լաւ է եւ կը կանխարգիլէ ոսկրային վնասները», յայտարարած է ան փառատօնին առիթով:

«Բոպիկ վազողները երկար ժամանակի վրայ կը վարժուին տարբեր ձեւով վազելու, այնպէս` որ խուսափին վնասներ կրելէ: Սակայն, եթէ մանուկներուն քաջալերենք, որ կրեն հարթ ներբանով կօշիկներ, անոնք գէթ կը պաշտպանուին բարձիկներով պատուած կօշիկներուն վտանգներուն դէմ,- ըսած է Ուիլքընսըն:- Հաստ ներբանով կօշիկները առիթ չեն տար ոտքին մէջտեղի մասով կոխելու, փոխարէնը` կը մղեն կրունկով հարուածելու»:

«Եթէ մանուկները նոր վազել պիտի սորվին, ապա թելադրելի է, որ հարթ կրունկով կօշիկներ կրեն: Սակայն աւելի դժուար է անոնց յարմարիլը, երբ վարժուած են հաստ կրունկով կօշիկներով վազելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )