Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Կշռոյթով Շարժիլը Կրնայ Նպաստել Լեզուական Կարողութիւններու

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ ԿԱՊԸ` ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒԻՆ ՄԻՋԵՒ ԵՒ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ, ԹԷ ԱՆՓՈՓՈԽ ԿՇՌՈՅԹԻ ՄԸ ՀԵՏ ՇԱՐԺԻԼԸ ՋՂԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԷ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆՆԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս.

Իլինոյի Նորթուեսթըռն համալսարանին Լսողական ջղագիտութեան գիտաշխատանոցին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ անոնք, որոնք լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն կշռոյթի հետ քայլ պահելու քննութիւններու մէջ, նաեւ կը ցուցաբերեն խօսակցական ձայներու նկատմամբ աւելի ցայտուն ջղաբանական հակազդեցութիւններ:

Ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, թէ երաժշտութիւն նուագելը կրնայ բարելաւել նաեւ այլ կարողութիւններ, մասնաւորաբար` կարդալու կարողութիւնը:

Անոնք «Ճըռնըլ աֆ Նիւրոսայընս» թերթին մէջ կը գրեն, թէ կշռոյթը անբաժան մէկ մասը կը կազմէ լեզուին:

«Գիտենք, թէ կշռոյթը պահելը հիմնական կարողութիւն մըն է ոչ միայն երաժշտական կատարողութեան մէջ, այլ նաեւ` լեզուական կարողութիւններու զարգացումին», կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտը` Նինա Քրաուս:

Ուսումնասիրողները աւելի քան 100 պատանիներու թելադրած են իրենց մատները շարժել` քայլ պահելով կշռոյթի մը հետ: Անոնք շարժումին ճշգրտութիւնը բաղդատած են երգաչափի (մեթրոնոմ) մը հետեւողութեամբ:

Ապա, հասկնալու համար կշռոյթը պահելու կարողութեան կենսաբանական հիմքը, ուսումնասիրողները ելեկտրասայրով (ելեկթրոտ) չափած են մասնակցողներուն ուղեղին ալիքները` քննելու համար ուղեղին մէջ կատարուած ելեկտրական գործունէութիւնը, որ կը ստեղծուի ձայնի իբրեւ հակազդեցութիւն:

Ուսումնասիրողները կենսաբանական այս մօտեցումով ի յայտ բերած են, թէ երաժշտական կրթութիւն ստացած անձերու քով շատ աւելի շեշտուած է ջղաբանական հակազդեցութիւնը` խօսակցական ձայներու նկատմամբ: Իսկ անոնք, որոնք կարդալու դժուարութիւն ունին, ցուցաբերած են ջղաբանական աւելի տկար հակազդեցութիւն:

«Յայտնաբար, այն պատանիները, որոնք կարդալու դժուարութիւն ունին, շատ աւելի դժուարութեամբ քայլ կը պահեն կշռոյթի մը հետ: Խօսակցութեան եւ երաժշտութեան մէջ կշռոյթը ձեւով մը կը ստեղծէ ձայնային քարտէս մը, որուն վրայ «մղոնաքարերը» կը կատարեն իմաստալից խթանի դեր», ինչպէս կը բացատրէ Քրաուս:

«Ուղեղին մէջ ստեղծուած ալիքները կը համապատասխանեն ձայնի ալիքներուն,- կ՛ըսէ ան:- Կարելի է ուղեղին ալիքներուն ձայնագրութիւնը բաղդատել ձայնի ալիքներու արձանագրութեան հետ եւ անդրադառնալ, թէ ինչպէ՛ս անոնք նման են իրարու»:

«Կը թուի, թէ այն գործօնները, որոնք դերակատար են կարդալու կարողութեան մէջ, կը խթանուին երաժշտական փորձառութեամբ: Երաժիշտներ օժտուած են լսողական շատ կայուն ջղաբանական հակազդեցութիւններով»:

«Հաւանական է, որ պատճառը երաժշտական վարժութիւններն են, որոնք կը խթանեն կշռոյթին հետ քայլ պահելու կարողութիւնը` մարզելով ուղեղին լսողական համակարգը, պակսեցնելով ջղաբանական արգելքները, խթանելով ձայնի եւ իմաստի միջեւ կապակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են կարդալ սորվելու», կ՛աւելցնէ Քրաուս:

Սան Տիեկոյի մէջ Քալիֆորնիայի համալսարանէն Ճոն Այվըրսըն, որ իր կարգին կ՛ուսումնասիրէ ուղեղին մէջ երաժշտութեան առնչուող գործընթացները, համաձայն է այն տեսութեան, թէ երաժշտական կրթութիւնը կրնայ յատկանշական ներգործութիւն ունենալ ուղեղին վրայ:

«Այս ուսումնասիրութիւնը կրնայ օգնել` լուծելու համար այն գաղտնիքը, թէ ինչո՛ւ երաժշտական եւ կշռոյթ պահելու կարողութիւնները կապ ունին ոչ երաժշտական կարողութիւններու հետ, մասնաւորաբար` լեզուական», կ՛ըսէ Այվըրսըն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )