Ճատրակ. Արոնեան Պիտի Մասնակցի Կրան Շլեմի 6-րդ Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ճատրակի կրան շլեմի 6-րդ մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 7-13 հոկտեմբեր 2013-ին:

Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա) Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւ, Շահրիար Մամետեարով եւ Մայքըլ Էտըմզ:

Կազմակերպիչները Արոնեանը հրաւիրեցին հաշուի առնելով անոր ներկայացուցած սքանչելի խաղարկութիւնը` այս տարի տեղի ունեցած Ալեխինի յիշատակին նուիրուած մրցաշարքին (Փարիզ – Ս. Փեթերսպուրկ):

 

Share this Article
CATEGORIES