Չելսիի Միջնապահ Վան Կինքել Շուրջ 6 Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չելսիի հոլանտացի միջազգային միջնապահ Մարքօ Վան Կինքել, որ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, շուրջ 6 ամիս հեռու պիտի մնայ ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:

20 տարեկան հոլանտացին վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ` Սուինտընի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին:

Նախորդ յուլիսին Վիթես Առնհեմէն Չելսիի հետ փոխան 5 տարուան համաձայնագիր մը ստորագրած կինքել այս տարեշրջանին նոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ երկու անգամ նկատի առնուեցաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:

Նշենք, որ ան նախորդ նոյեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով կատարեց իր միջազգային մրցումը` Հոլանտայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES