Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամի Մրցակիցը Յստակացաւ
Կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Գերմանիոյ դրօշակին տակ հանդէս եկող արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ 26 հոկտեմբերին պիտի վերադառնայ մրցասպարէզ, տեղեկացուց Աբրահամի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յստակացաւ Աբրահամի մրցակիցը, որ պիտի ըլլայ իտալացի 29 տարեկան Ճիովաննի Տէ Քարոլիս: Ան կատարած է 24 մրցում` արձանագրելով 20 յաղթանակ (10-ն` նաք-աութով) եւ կրած` 4 պարտութիւն:
Իսկ Աբրահամ կատարած է 41 մրցում` արձանագրելով 37 յաղթանակ (28-ը` նաք-աութով) եւ կրելով 4 պարտութիւն:
Հետեւաբար, անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չփափաքի կրել իր 5-րդ պարտութիւնը:
Անոնց միջեւ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Օլտենպուրկ քաղաքի EWE մարզահամալիրին մէջ:
Նշենք, որ Աբրահամ WBO-ի վարկածի գերմիջին դասակարգի աշխարհի ախոյեանի թեկնածու է, Աշխարհի ախոյեանութեան գօտիին համար Ռոպըրթ Շթիկլիցի հետ մենամարտը պիտի կատարէ 2014-ին, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը: