Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Կոլէվըրէյճի Առաւելութեամբ` Առաջին
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Սատաքա 14-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապիհը, Լիբանանեան բանակէն խլեց պարագլուխի դիրքը` շնորհիւ իր ունեցած կոլէվըրէյճին:
Լիբանանեան բանակը, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 7-2 արդիւնքով յաղթելով Հարեթ Հըրէյքի, նոյնպէս ունեցաւ 31 կէտ:
Պէյրութի դրամատունը, որ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Ղըպէյրիի, 30 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնք պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շուէյֆաթ – Սեն Ժոզեֆ 19:00 Էմիլ Լահուտ
Սատաքա – Ղըպէյրի 19:00 Սատաքա
Թրիփոլի Ֆայհա – Լիբանանեան բանակ 21:00 Էմիլ Լահուտ
ՎԱՂԸ
Պէյրութի դրամատուն – «Էյ. Եու. Էս. Թի.» 19:00 Էմիլ Լահուտ
Հալուսիէ – Հարեթ Հըրէյք 19:00 Նեպիհ Պըրրի

