Էլչէ – Ռէալ Մատրիտ Մրցումին Իրաւարարը Կախակայուեցաւ… Պարսելոնա – Սեւիլլա Մրցումին Համար

Սպանիոյ ֆութպոլի լիկայի իրաւարարներու յանձնախումբը որոշում տուաւ երեք մրցումով կախակայելու իրաւարար Մունյիս Ֆեռնանտեսը:

Յատկանշականը այն է, որ 43 տարեկան իրաւարարը կախակայուեցաւ ոչ թէ անոր համար, որ ան Էլչէ – Ռէալ Մատրիտ մրցումին ի նպաստ արքայական կազմին 95-րդ վայրկեանին փենալթի մը նուիրած էր, այլ որովհետեւ ան Պարսելոնա – Սեւիլլա մրցումին (3-2) չէր հաշուած քաթալոնացիներուն բերդին մէջ մուտք գործած կոլը:

Նշենք, որ Էլչէ – Ռէալ Մատրիտ մրցումին առնչութեամբ Մունյիսի հարցը պիտի քննարկուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր:

Նախքան անոր նկատմամբ այդ պատիժին սահմանուիլը, կ՛ենթադրուէր, որ ան Էլչէի կատարած բոլոր մրցումները չսուլէ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարուան յունուարէն սկսեալ անոր արգիլուի միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներ սուլել:

Քիչ մը աւելի առաջ երթալով, «Մարքա» պնդած էր, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք ան փոխան Ա. դասակարգի միայն Բ. դասակարգի մրցումներուն իբրեւ իրաւարար պիտի սկսի նկատի առնուիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )