«Հայաստանն Ու Համարկումի Մարտահրաւէրը» Խորագիրով Զրոյցին Տեսերիզը` «Ազդակ»-ի Կայքէջին Վրայ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, «Ազդակ» հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին «Հայաստանն ու համարկումի մարտահրաւէրը» խորագիրով զրոյց մը կազմակերպած էր` մասնակցութեամբ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, «Երեբունի» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանի եւ Յովիկ Յովհաննէսեանի: Զրուցավարն էր «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Զրոյցին կարելի է հետեւիլ «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ զետեղուած տեսերիզին ճամբով:
CATEGORIES Գաղութային

