Վերջին Հրաժեշտ` Մեծանուն Արուեստագէտ Սօս Սարգսեանին

(Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, մեծանուն դերասան Սօս Սարգսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ իր սիրելի Նահապետին` իր սրտին մէջ վառ պահելով Սօս Սարգսեանի յիշատակը:

«Կան անհատներ, որոնք կարծես թէ քեզի հետ միասին կը ծնին, այսինքն` աչքերդ կը բանաս եւ կը ճանչնաս զանոնք: Կը թուի, թէ անոնք քու ծնողներդ են, ուսուցիչդ, դաստիարակդ, կ՛ուղեկցին քեզ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Սօս Սարգսեանը այդ անհատներէն է՛ր: Ան մշտապէս եղած է մեր կեանքին մէջ` իր շարժապատկերներով, իր իմաստուն խօսքերով, խրատներով, բացառիկ հայու իր կերպարով: Դժուարութիւնը այն է, որ ան մեր կողքին չէ: Այժմ խորհուրդ հարցնելու համար պիտի մտածես, թէ որո՞ւն հարցնես, իմաստուն խօսք լսելու համար պէտք է փնտռես անհատ մը: Նման մարդիկ մեր հասարակութեան մէջ պակսած են, եւ ասիկա շատ ցաւալի է», ըստ «Արմենփրես»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:

Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Սօս Սարգսեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Կոմիտասի անուան այգիի պանթէոնին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )