Ճատրակ. Եւրոպայի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Կարէն Գրիգորեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին
Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի Եւրոպայի կրտսերներու արագ ճատրակի ախոյեանութեան, յաջողեցաւ երրորդ դիրքը գրաւելով տիրանալ պրոնզ մետալին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կ՛աւելցնէ որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պուտվայի մէջ (Մոնթենեկրօ):
CATEGORIES Մարզական

