Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտները Հայրենիքի Մէջ
ՅԱՒԵՐԺ ՇԽՐՏՄԵԱՆ
Երկուշաբթի, 5 օգոստոս, 2013-ին «Արի տուն» ծրագրին մասնակցելու նպատակով Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ վարժարանի ուսուցչուհիներ Յաւերժ Շխրտմեանի եւ Շողիկ Թորոսեանի, մեկնեցան հայրենիք:
Հանգրուանելով Հայ աւետարանական աստուածաբանական կեդրոնին մէջ` առաջին օրը աշակերտները ծանօթացան քաղաքամայր Երեւանի տեսարժան վայրերուն, այնուհետեւ այցելեցին` Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Գառնի, Գեղարդ, Նորավանք, Սեւան, Արագած, Սարդարապատ եւ այլ վայրեր:
Խումբը պատիւ ունեցաւ հիւրընկալուելու հայոց բանակի զօրամասերէն մէկուն կողմէ` ծանօթանալով զինուորներու կենցաղին ու գործունէութեան: Աշակերտները եղան զինուորներուն ճաշի հիւրը: Այցելելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` աշակերտները ծաղկեպսակ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, ապա ուղղուեցան դէպի Եռաբլուր, ուր նահատակ հայ ազատամարտիկներու մասին տեղեկութիւններ ստացան անոնց վերապրող ընկերներէն մէկուն կողմէ: Աշակերտները այցելեցին թանգարաններ, եղան զբօսայգիներու մէջ, զմայլեցան հայ հանճարներու արձաններով, մատենադարանով:
Վերջին երեք օրերուն աշակերտները մնացին Աղաւնաձորի ճամբարին մէջ, ուր աւանդական խարուկահանդէսով վերջ գտաւ ծրագիրը:
Աշակերտներուն հոգիներուն մէջ դրոշմուեցան Արարատն ու Սեւանը, Էջմիածինն ու Երեւանը, եւ այն ջերմութիւնը, զոր անոնք ստացան հայրենի պետութեան եւ սիրելի ժողովուրդին կողմէ:
Վերադարձին աշակերտները հիւրընկալուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէն, ուր իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին դեսպան Աշոտ Քոչարեանին հետ:
Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեանի շնորհակալական խօսքէն ետք, խումբը հրաժեշտ տուաւ դեսպանին` կրկին ու կրկին անգամ հայրենիք վերադառնալու ակնկալիքով:

