Վերամուտի Մտահոգութիւններ. Մեր Դպրոցները Եւ Մենք

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Վերամուտը իրեն հետ բերաւ շալակ մը մտահոգութիւն: Դպրոցներու դռները հազիւ բացուած` սկսաւ ծնողներու դժգոհութիւնը: Սեպտեմբերի առաջին օրերէն դժգոհութիւններու ծրարը բացին պատկերասփիւռի կայանները: Լսուեցան ծնողներու բողոքները, թէ դպրոցները բարձրացուցած էին կրթական թոշակներու սակերը, թէ` գիրքերն ալ սղած էին անհամեմատ յաւելումով:

Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթը աղմուկ բարձրացաւ մեր վարժարաններու հասցէին:

– Լսեցի՞ք, մեր դպրոցները կրթաթոշակները սղցուցած են, ի՞նչ պիտի ընենք:

Երկրորդ խօսողը.

– Ճիշդ է, երկու զաւակ ունիմ, մէկը նախակրթարանի երրորդ դասարան, պզտիկս` ծաղիկ դասարան: Ամէն մէկուն կրթաթոշակին վրայ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի աւելցուցած են անցեալ տարուան սակին վրայ: Երկու զաւակ, ամէն մէկուն աւելորդ միլիոն մը ըլլալի՞ք բան է: Ի՞նչ պատահած է` չեմ գիտեր…

Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթ: Խմբագրատան հեռաձայնը կը հնչէ. անունս կու տան, կը վերցնեմ ընկալուչը.

– Ալօ՛:

– Դո՞ւք էք: Քանի օրէ ի վեր ձեզ կը փնտռեմ, չեմ գտներ: Վերջապէս…

– Հրամեցէք, ո՞վ է խօսողը:

– Ազգային մը, կ՛ուզեմ խօսիլ դպրոցներու կրթաթոշակին սղութեան մասին: Անցեալ տարուան հաշիւին վրայ աշակերտի գլուխ միլիոն աւելցած է: Ի՞նչ պիտի ընենք: Եթէ մէկը երկու-երեք զաւակ ունի ի՞նչ պիտի ընէ: Ուրիշ դպրոցներ ալ 850,000 լ. ոսկի աւելցուցած են, ըլլալի՞ք բան է: Ինչո՞ւ չէք գրեր այս մասին:

– Իրաւունք ունիք դժգոհելու, բայց ամէն դպրոց նոյնը չի կրնար ընել:

– Բոլորն ալ նոյնն են:

– Ազգային վարժարանները չեն սղցուցած, անձնական-սեփական վարժարանները կ՛ընեն իրենց ուզածը:

– Ազգային վարժարաններն ալ յաւելում կատարած են: Կը կրկնեմ, իւրաքանչիւր աշակերտի կրթաթոշակին վրայ յաւելեալ գումարած են 850,000 լ. ոսկի:

– Չեմ հաւատար, պարո՛ն, չափազանցուած է ձեր հաշիւը:

– Ինչո՞ւ չէք հաւատար ըսածիս, պէտք է մամուլը գրէ այս մասին:

– «Ազդակ» միշտ տեղ կու տայ ժողովուրդի կարծիքին: Նամականի մը գրեցէք` դժգոհ ծնողներու ստորագրութեամբ, կը տպուի մամուլով:

– Մենք այդ տեսակ նամակ չենք գրեր, ձեր պարտականութիւնն է: Դուք պէտք է գրէք…

Խօսակիցս, որ անծանօթ հայ մըն էր, երկարեց բողոքի խօսքերը: Ես լռեցի, ինք շարունակեց: Ի վերջոյ լռեց նաեւ հեռախօսը:

Պահ մը սրտնեղած մտածեցի նիւթական դժուարութեան, մասնաւորաբար վերամուտին անելի մատնուած ծնողներու մասին: Մտածեցի նաեւ ազգային վարժարաններու կարիքին: Արդեօք իրա՞ւ է, որ հոն եւս կրթաթոշակի յաւելում կատարուի, իւրաքանչիւրի կրթաթոշակին վրայ 850,000 լ. ոսկի: Անհաւատալի զրպարտութիւն մը նկատեցի: Ուզեցի այս մասին ստուգում մը կատարել Ուսումնական խորհուրդին մօտ:

Կը հեռաձայնեմ Ազգային առաջնորդարան: Կապ կը պահեմ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեանին հետ:

– Օրիորդ Մարա՞լն է:

– Այո, հրամեցէք:

– Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան կրթաթոշակին յաւելում կատարա՞ծ էք, որովհետեւ ազգային մը հեռաձայնեց ինծի եւ պնդեց, որ Ուսումնական խորհուրդին հրահանգով յաւելում կատարուած է…

– Ոչ, բացարձակապէս… անհիմն տեղեկութիւններ են: Ազգային վարժարաններու կրթաթոշակները մնացած են նոյնը, անցեալ տարուան նման:

Յարգելի պարոն ազգային, երբ կարդաք այս տողերը, վստահ կրնաք ըլլալ, որ ձեր փոխանցած տեղեկութիւնները սխալ էին, ինչ կը վերաբերէին մեր ազգային վարժարաններու կրթաթոշակի յաւելման: Իւրաքանչիւր վարժարան իր կրթական քաղաքականութիւնը ունի: Թող պատասխանատուները մտածեն այդ մասին:

Քանի խօսք բացիք, պարոն ազգային, ըսեմ, որ ըստ մեր փորձառութեան, հինէն կու գայ մեր դպրոցներուն հասցէին բամբասանքները: Մեր ժողովուրդը միշտ դժկամացած է յօժարակամ դրամ տալ կրթաթոշակի: Այդ կրթաթոշակը որքան ալ մատչելի ըլլայ, դարձեալ սուղ կը նկատուի, որովհետեւ ծնողք ունին ուրիշ հաշիւներ, այլ ընելիքներ:

– Պարոն տնօրէն, խնդրեմ զեղչ մը ըրէք, որովհետեւ յարկաբաժին գնեցի, մուրհակներ ունիմ:

Մայր մըն է այս անգամ խնդրանք ներկայացնողը.

– Պարոն տնօրէն, զեղչ մը ըրէք, ինքնաշարժի մասնավճարներ ունինք:

Պարոն տնօրէնը լուռ մտիկ կ՛ընէ, յանկարծ կնոջ բջիջայինը կը հնչէ ձեռքի պայուսակին մէջէն: Կը բանայ պայուսակը դաստակին սեղմուած ոսկեղէն ապարանջանները շըխռկացնելով:

***

Այս ճշմարտութիւնները ունին բազմաթիւ այլ օրինակներ:

Կ՛ուզենք արձանագրել սակայն, թէ բացառութիւնները յարգելի են` ի պատիւ մեր գիտակից, պարտաճանաչ եւ հայկական վարժարանը յարգող ծնողներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES