Ռաֆայէլի «Սեն Միշել Զգետնելով Հրէշը» Նկարը
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Շաբաթ մը անկողին մնալէ ետք, սաստիկ ցուրտին պատճառով այսօր վերջապէս քաղաք կ՛իջնեմ Լուվրի անդամատետրս վերանորոգելու եւ տեսնելու Ռաֆայէլի «Սեն Միշել զգետնելով հրէշը» պաստառը, որ անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Լուվրի «Երկար» ցուցասրահին աջ կողմը:
Մեթրոյէն կ՛իջնեմ «Փալէ ռուայալ Միւզէ տը Լուվր» կայարանը ու մտնելով թանգարանի ապակեայ բուրգին տակ` ուղիղ քալելով կը հասնիմ անդամակցութեան բաժինը: Հեռուէն սեւամորթ պաշտօնեան ձեռքով նշան կ՛ընէ, որ մօտենամ իրեն: Կը մօտենամ, իրարու ձեռք սեղմելէ ետք կ՛ըսեմ, թէ կ՛ուզեմ նորոգել Լուվրի անդամատետրս:
– Խնդիր չկայ,- կը պատասխանէ` աւելցնելով,- հաճեցէք ձեր անձնագիրը տալ եւ լեցնել այս երկու էջերը:
– Քանի՞ պէտք է վճարեմ, նոր սակով:
– Երեսունհինգ եւրօ, մէկ տարուան համար:
– Հրամեցէք, պարո՛ն:
Ամբողջ գործողութիւնը կը տեւէ տասը վայրկեան:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ու դուրս ելած պահուս դրան վրայ կը տեսնեմ պրոշիւրներ, որոնցմէ մէկուն վրայ տպուած է Ալպեր Տիւրերի (Albert Durer) դիմանկարը: Պրոշիւրներէն մին առնելով` կը դնեմ գրպանս: Ալպեր Տիւրեր նոյնանման երկու ինքնադիմանկար ունի, մին Լուվրի մէջ` երկար մազերով, ձեռքին բռնած փշածաղիկ մը` խորհրդանիշ հաւատարմութեան` ամուսնական կեանքին մէջ… Միւս դիմանկարը տեսած եմ Մատրիտի «Փրատօ» թանգարանին մէջ, նոյն յատկանիշներով, որքան կը յիշեմ:
Օրուան երկրորդ ծրագիրս է տեսնել Ռաֆայէլի պաստառը` 2,5 մեթր բարձրութեամբ եւ մէկ մեթրէ աւելի լայնքով: Այս նկարը 1518 թուականին Լէոն 10-րդ պապը ապսպրած է Ռաֆայէլին, Ֆրանսայի թագաւոր` Ֆրանսուա Առաջինին նուիրելու համար: Քանի մը ամիս ետք պապին զարմիկին` Լորենզօ Մետիչիին կողմէ կը յանձնուի թագաւորին, դիւանագիտական փոխանակումի ծիրին մէջ: Նկարին թեման` «Սեն Միշել զգետնելով հրէշը», հաճոյակատար ձեւ մըն էր դրսեւորելու Սեն Միշելի եղբայրակցութիւնը, որուն մեծ վարպետը Ֆրանսուա Առաջինն էր, Ֆրանսայի եւ եկեղեցիին միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշնակցութեան, վերանորոգուած այդ թուականին եւ նպատակ ունենալով պայքարիլ թուրքերուն դէմ:
Անցնելով «Մոնա Լիզա»-ի սրահէն, ուր մեծ բազմութիւն մը խռնուած էր Լէոնարտոյի գործին առջեւ, կ՛առնեմ վերելակը` իջնելու համար բուրգին տակը, սակայն, կոճակը սխալ կոխած ըլլալով, վերելակին դուռը կը բացուի իսլամական բաժնի յարկին վրայ, որ բացուած է անցեալ տարի, 18 սեպտեմբեր 2012-ին:
Առ ի հետաքրքրութիւն` աչք մը նետել կ՛ուզեմ: Կտրելէ ետք նեղ անցք մը, կը գտնուիմ ընդարձակ սրահի մէջ: Լուվրի ոչ մէկ բաժին ունի այս ցուցասրահին շքեղութիւնը:
Թանգարանին տնօրէնութիւնը նկատելով, որ Ֆրանսայի երկրորդ կրօնը իսլամութիւնն է, ուզած է լաւագոյնս ցուցադրել իսլամական արուեստի նմուշները, զորս ամբարած է տարիներէ ի վեր: Երկրորդ, նկատի առած իսլամական քարիւղն ու շուկան` ճիգ չէ խնայած ամենագեղեցիկ ձեւով ներկայացնելու ցուցադրուած նիւթերը:
Հիմնական նիւթերը` իսլամական այս բաժնին, կը կազմեն պարսկական, օսմանեան եւ մնացեալ արաբական երկիրներու նիւթերը: Զրահներ, վահաններ, եաթաղաններ, սուրեր` կարճ, երկար, ուղիղ, կոր, դաշոյններ, որոնք բազմահազար կեանքեր հնձելէ ետք, այս պահուն խելօք կեցած են` իբրեւ վկաներ բարբարոսութեան:
Միւս ծայրայեղութիւնը իսլամական արուեստին ծաղիկներն ու տեքորաթիւ զարդերն են: Ցուցադրուած յախճապակեայ սրուակներն ու սպասներն են: Իսկ մնացեալ մոզայիքները, գորգերը եւ այլն կը կրեն գրաւուած երկիրներու արուեստին ազդեցութիւնը: Օրինակ, այն գորգերը, որոնք հիւսուած են Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, նոյնիսկ Սպահանի մէջ, հայերու կողմէ, ներկայացուած են իբրեւ իսլամական արուեստի նմուշներ: Ամէնէն ինքնուրոյն ցուցանմուշները անկասկած արաբերէն գեղագիր եւ ոսկեզօծ ձեռագիր գիրքերն են, սկսած` 7-րդ դարէն:
***
Հայութեան ոխերիմ թշնամի եւ դահիճ Օսմանեան կայսրութիւնը, գրաւելէ ետք Բիւզանդիոնն ու Միջերկրականի եզերքը գտնուող երկիրներն ու Արաբիան, կը ծրագրէ գրաւել, կոտորել ու կողոպտել Եւրոպան: Օսմանեան զօրքերը երբ կը հասնին Վիեննայի դռներուն, եւրոպական երկիրներն ու Հռոմի Լէոն 10-րդ պապը միասնական ուժերով կը կազմակերպեն զօրաւոր դիմադրութիւն: Այդ միջոցին է, որ պապը կ՛ապսպրէ Ռաֆայէլին «Սեն Միշել զգետնելով հրէշը» նկարը. հրէշը Թուրքիան էր, այս ձեւով պապը կ՛ուզէր ապահովել Ֆրանսուա Առաջինին մասնակցութիւնը սրբազան դիմադրութեան:
Թուրքիան այդ ամօթալի պարտութենէն 500 տարի ետք արիւնոտ ձեռքերը լուացած, եաթաղանը թանգարան ղրկած եւ նոր հագուստներ հագած` պատիւներով կ՛ուզէ մտնել Եւրոպա…
Երէկուան հրէշը, այսօր հրեշտակի թեւեր առած` կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան մաս կազմել… շնորհիւ ընկերվարական եւրոպացիներուն…
16 ապրիլ 2013, Փարիզ
Յ. Գ.- Ֆրանսայի ընկերվարական նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտ, Լուվրի իսլամական արուեստի ցուցասրահի բացման հանդիսութեան համար հրաւիրած է Ազրպէյճանի նախագահ` Ալիեւը` չգտնելով ոեւէ արաբ իսլամ երկրի այլ ղեկավար:
Ի՜նչ փոյթ, որ ազերի սպան կացինահարած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն: Կարեւորը Ազրպէյճանի քարիւղն էր…
Այս պահուն կը յիշեմ ողորմած մօրս երգը.
Ասպետական սեւ սատանան (Ֆրանսան)
Կ՛ուզէ առնել մեր Կիլիկիան,
Մենք Կիլիկիան զէնքով առինք,
Ուզեն չուզեն մեզ պիտի տան*:
* Պահուած է այնպէս, ինչպէս երգած է յօդուածագիրին մայրը: