«Ռատիքալ»-ի Մէջ Ցնցիչ Յօդուած. Պասքըն Օրան Կը Խօսի Իր Ստացած Մահուան Սպառնալիքներուն Ու Նախատինքներուն Մասին

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Պասքըն Օրան

«Ռատիքալ» թերթի կիրակի, 15 սեպտեմբերի յաւելուածականին մէջ խիստ ցնցիչ յօդուած մը հրատարակած էր Պասքըն Օրան, որ, ինչպէս ծանօթ է, հինէն ի վեր հայերու ի նպաստ կեցուածք ունեցող քաջարի հրապարակագիր է: Գիտէինք, որ Պասքըն Օրան Հայկական հարցի մէջ ժխտական դիրքորոշում ունեցող շրջանակներուն թիրախը դարձած է երկար ժամանակէ ի վեր, եւ թէ` ան սպառնալիքներ կը ստանար հոսկէ հոնկէ, բայց այս յօդուածը կը բանայ իր ստացած սպառնական նամակներուն անծանօթ ծալքերը ու ցոյց կու տայ, թէ պատկերը որքա՛ն մտահոգիչ է: Սպառնալիքներուն մէկ մասը եկած է «Ակօս»-ի խմբագրութեան հասցէով, մէկ մասն ալ` ուղղակի իրեն: Պասքըն Օրան չի վարանիր եղածին պէս հրապարակելէ ստացուած սպառնական նամակներուն մէջ գործածուած բառերը, որոնք ծայր աստիճան ծանր են թէ՛ սպառնալիքի տեսակէտէ, թէ՛ նախատինքի տեսակէտէ, նախատինքներ, որոնք կը հասցէագրուին ո՛չ միայն Պասքըն Օրանի նմաններուն, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդին, կամ «հայ» անուան:

Պասքըն Օրան կը յիշեցնէ, որ առաջին նամակը «Ակօս»-ի հասցէին ղրկուած էր 2008 թուականին, որուն մէջ նամակագիրները շատ ծանր բառեր գործածելով` կ՛ըսէին, որ «բոզի զաւակները պէտք է գիտնան, որ Հրանդ Տինքէն ետք մեր թիրախը պիտի ըլլայ Պասքըն Օրանը, այս կեղտն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուի, հայերու պաշտպանները հանգիստ պիտի չկարենան քնանալ»: Այս նամակը եւ յաջորդները ստորագրուած էին իրենք զիրենք «Թուրք վրիժառութեան ջոկատ» կոչած կազմակերպութեան մը անունով:

Պասքըն Օրան նմուշներ կու տար ուրիշ նամակներէ ալ, որոնց բովանդակութիւնը նոյնքան մտահոգիչ ու ծանրակշիռ էր: Պասքըն Օրանը կ՛ամբաստանուէր որպէս մէկը, որ իր կեանքը կ՛անցընէր հայերու պնակալիզութիւնը ընելով, եւ որ` Թուրքիոյ հողերուն վրայ չէր կրնար հանդուրժել «թուրք» բառը: Նամակներուն մէջ կը թելադրուէր, որ ան Հայաստան երթար, ապա թէ ոչ մահը անխուսափելի պիտի ըլլար անոր համար: Նոյնիսկ նամակներէն մէկուն մէջ տրուած էր մահափորձի թուական մը, որ 17 յունիս էր: Անշուշտ այդ 17 յունիսը անցաւ առանց միջադէպի, բայց սպառնալիքները կը շարունակուէին:

Պասքըն Օրանին բուն նպատակն է գանգատիլ Թուրքիոյ դատարաններուն այս խնդրի դիմաց ցուցաբերած անբաւարարութենէն: Դատարանները կտրուկ կեցուածք մը չեն կրցած ունենալ: Իսկ Պասքըն Օրանին գանգատը հետեւեալն է.

«Ինչ որ հիմա զիս կը շահագրգռէ, այն հարցումն է, թէ Թուրքիոյ դատարանները ինչպիսի՞ դիրք մը պիտի գրաւէին, եթէ ինծի եղած նախատինքներուն ու սպառնալիքներուն մէկ միլիոներորդը ուղղուած ըլլար վարչապետ Էրտողանին»:

Պասքըն Օրան դիմեր է վճռաբեկին ու հիմա կը սպասէ տեսնելու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )