Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Պետութիւն Մը Ինչո՞ւ Կը Վախնայ Իր Կալուածային Արձանագրութիւններէն

«Թարաֆ»-էն Թուղպա Թեքերեքին կատարած թղթակցութիւնները` փոքրամասնութիւններուն պատկանող ինչքերուն վերաբերեալ, ինծի յիշեցուցին դէպք մը, որ պատահած էր 11 տարի առաջ, համալսարանի օրերուս: Անգարայի Կազի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ուսանողութեանս շրջանին, նոյն բաժինէն ընկերներս արխիւային բաժնի ծրագրի մը վրայ կ՛աշխատէին, որ կը վերաբերէր կալուածոց եւ քատասթրի ընդհանուր տնօրէնութեան: Այդ օրերուն կատարուած այդ աշխատութիւնը կը նպատակադրէր 1914-1918 շրջանին պատկանող օսմաներէն կալուածային արձանագրութիւնները վերածել արդի թրքերէնի: Իրենց կատարած աշխատանքին մասին զրուցելու ժամանակ ընկերներս անհանգիստ կը թուէին, կ՛ըսէին, որ իրենց ձեռքին տակ գտնուող փաստաթուղթերը համազօր էին պետական գաղտնիքի. անոնք կը վերաբերէին հայ եւ յոյն հայրենակիցներու պատկանող կալուածաթուղթերու արձանագրութեանց:

Ծրագիրին պատասխանատուները ընկերներուս պատուիրած էին, որ իրենց տեսած փաստաթուղթերը ծայր աստիճան կարեւորութիւն ունեցող կալուածային արձանագրութիւններ էին, եւ թէ` անոնց վերաբերեալ որեւէ տեղեկութեան դուրս սպրդիլը համազօր էր համարուելու «ազգային անվտանգութեան հարցի»: Ե՛ս ալ, իբրեւ 21 տարեկան երիտասարդ պատմաբան, այդ ժամանակ սկսայ հետաքրքրուիլ, թէ ինչո՞ւ պետութիւն մը այս աստիճան կը վախնար ի՛ր իսկ կալուածային արձանագրութիւններէն եւ զանոնք կ՛արժեւորէր իբրեւ «ազգային անվտանգութիւն»: Այս հարցումը նախ զիս առաջնորդեց այդ ժամանակաշրջանի պետական նախարար Շուայիփ Իւշենմեզի կողմէ հրատարակուած 21 յունիս 2001 թուակիր նախարարական շրջաբերականի մը, ըստ որուն, կալուածոց եւ քատասթրի տնօրէնութիւնը կ՛արգիլէր որեւէ գործողութիւն կատարել պահանջուած կալուածաթուղթերուն վրայ, որոնք կը վերաբերէին նախքան 6 օգոստոս 1924 թուականը: Եթէ նման պահանջ ներկայանար, կը պահանջուէր, որ այդ անձին ինքնութիւնը տեղեկացուէր կալուածոց եւ քատասթրի ընդհանուր տնօրէնութեան:

Փոքրամասնութիւններուն Ինչքերը
Կը Բռնագրաւուին

2001 թուակիր այդ շրջաբերականին ետին մնացած պատմական իրականութիւնն ալ կապ ունի ասկէ հարիւր տարի առաջ պատահածներուն: Օսմանեան պետութեան մէջ դրամագլուխին մեծ մասը կը գտնուէր ոչ իսլամներուն ձեռքը: 1914-էն առաջ տեղի ունեցած պալքանեան պատերազմները եւ իսլամ բնակչութեան վրայ անոնց պատճառած հոգեկան բեկումը, պատճառ դարձան, որ Իթթիհատ եւ թերաքքը կառավարութիւնը փոխէր իր կեցուածքը` հանդէպ փոքրամասնութիւններուն: Տնտեսական գետնի վրայ իթթիհատականներուն գլխաւոր նպատակն էր ստեղծել թուրք-իսլամական քաղքենի դասակարգ մը: Այս կերպով, 1915-ի դէպքերուն իբրեւ հետեւանք, իրենց հայրենիքը լքելու պարտադրուած, մեռած եւ սպաննուած մէկ միլիոն հայերուն թողած ինչքերն ու կալուածները, իրաւական տարբեր միջոցներ օգտագործելով, անցան թուրք-իսլամ երեւելիներուն ձեռքը:

Իսկ Եգէականի շրջանին մէջ դրամագլուխի այս փոխանցումը իրականացուեցաւ յոյներու դէմ գործադրուած ճնշումներով եւ տնտեսական սեղմումներով: Հազարաւոր յոյներ ստիպուեցան լքել իրենց հողերը: 1918 թուականէն ետք վերադարձող հայերուն թէեւ տրամադրութիւն մը կար իրենց ինչքերը վերադարձնելու, սակայն ազգային ազատագրութեան պայքարը սկսելուն պէս Անգարայի ազգային կառավարութիւնը որդեգրեց շատ խիստ եւ անհամերաշխ քաղաքականութիւն մը` ինչքեր վերադարձնելու հարցին շուրջ: 1923-1925 իրականացած յոյն եւ թուրք բնակչութեան փոխանակումին իբրեւ հետեւանք` Անատոլուէն մօտ 1,5 միլիոն յոյներ ստիպուեցան գաղթել դէպի Յունաստան: Այս գաղթէն ետք բազմաթիւ լքուած կալուածներ թուրք երեւելիներուն ձեռքը անցան օրինաւոր եւ կամ անօրէն միջոցներով: 1920-1930 տարիներուն գործադրուած ազգայնացումի իբրեւ հետեւանք` ոչ իսլամներու դերը տնտեսութեան մէջ տակաւ տկարացաւ:

1934-ին պատահեցաւ հրեաներու դէմ ջարդը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս «Թրակիոյ դէպքեր», որուն իբրեւ հետեւանք` Թրակիոյ բնիկ հրեայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ստիպուեցաւ գաղթել դէպի Պոլիս:

Ունեւորութեան Տուրք

Բ. Աշխարհամարտի օրերուն Շիւքրիւ Սարաճօղլուի կառավարութեան իրականացուցած Ունեւորութեան տուրքը իսկական առումով ողբերգութիւն մըն էր, որուն իբրեւ հետեւանք` Պոլսոյ ոչ իսլամ բնակչութեան տնտեսութեան մէջ ունեցած դիրքը պիտի չքանար վերջնականապէս: Մեծ թիւով յոյն, հայ եւ հրեայ վաճառականներ սնանկացան գործադրուած տուրքին պատճառով. աւելի՛ն, անոնք, որոնք չկրցան վճարել որոշուած տուրքերը, ճամբուեցան աշխատանքի ճամբարներ (մասնաւորաբար` Աշքալէ-Կարին, բնութեան շատ խիստ պայմաններու տակ, Գ. Կ.) եւ, այսպիսով, վերջնականապէս դուրս մնացին տնտեսական կեանքէն: Շնորհիւ Ունեւորութեան տուրքին իրականացուցած դրամագլուխի փոխանցումին` քաղքենի թուրք դասակարգին դիրքը շատ աւելի զօրացաւ: Փոքրամասնութիւններուն եւ մանաւանդ յոյներուն գանգատները Ունեւորութեան տուրքին վերաբերեալ նկատի չառնուեցան կառավարութեան կողմէ: Այդ օրերու վարչապետ Շիւքրիւ Սարաճօղլու Ազգային ժողովի ամպիոնէն անձնապէս յայտարարեց, որ այս քաղաքականութեան նպատակն էր տնտեսութեան թրքացումը, եւ այսպիսով ստանձնած եղաւ իթթիհատականներու օրերէն ի վեր գործադրուող այս քաղաքականութեան բանբերի պարտականութիւնը:

6-7 Սեպտեմբերի Թալանը

Հասնելով 1950-ական թուականներուն. կիպրական հարցը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ տակաւ մեծցող խնդիրի վերածուեցաւ: Այս հարցին պատճառով երկու երկիրներն ալ իրենց սեփական փոքրամասնութիւնները թիրախի վերածեցին: 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ, Անգարայի եւ Զմիւռնիոյ մէջ կազմակերպուեցան կողոպուտ եւ թալան ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն, բայց մասնաւորապէս յոյներուն դէմ. իբրեւ հետեւանք` փոքրամասնութիւններուն կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան հարցը գլխաւոր օրակարգի նիւթ դարձաւ:

Այս դէպքերէն ետք Պոլսոյ յոյներուն տնտեսական կեանքին մէջ ունեցած դիրքը արագօրէն վայրէջք արձանագրեց, եւ անոնք կամաց-կամաց սկսան լքել երկիրը: Իսկ ամենածանր հարուածը Պոլսոյ յոյներուն եկաւ 1964-ին, երբ Ինէօնիւի կառավարութիւնը որոշեց երկրէն հեռացնել այն յոյները, որոնք յունական անցագրեր կը կրէին. այս ձեւով երեսուն հազար յոյներ պարտադրուեցան հեռանալ Թուրքիայէն:

Այսօրուան` 2013-ի Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն կազմող մեր հայրենակիցներուն թիւը նոյնիսկ հարիւր հազարի չի հասնիր. 76 միլիոննոց երկրի մը մէջ հարիւր տարուան ընթացքին ազգային եւ տնտեսական առումով երկիրը մաքրագործուեցաւ ոչ իսլամ բնակչութենէն եւ թրքացուեցաւ: Ասիկա կը փաստէ յաջողութիւնը ա՛յն քաղաքականութեան, որ սկսած էր իթթիհատականներուն օրերուն, եւ որ նպատակադրած էր թրքացնել տնտեսութիւնը:

Գրութեանս սկզբնաւորութեան հարցուցած էի, թէ պետութիւն մը ինչո՞ւ կը վախնար կալուածային իր փաստաթուղթերէն: Ըստ ինծի, իբրեւ պատմաբան եւ քաղաքացի, մեր վախը հարիւր տարուան այդ կալուածային փաստաթուղթերը չեն, այլ մեր բուն վախը հարիւր տարուան մեր մեղքերն ու անոնց հետ առերեսուելու քաջութիւնը չունենալնիս է: Կը յուսամ, որ օր մը կը կարողանանք առերեսուիլ այս «գաղտնիքին» հետ, որ ծանօթ է բոլորին, եւ կ՛ազատինք հարիւր տարուան մեր վախերէն եւ թապուներէն:

«Թարաֆ»

Հայացուց Գ. Կ.

6-9-2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )