Տէրսիմի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Քանդուի
Տէրսիմ նահանգի Մազկերտ շրջանը գտնուող հայկական գերեզմանոցը քանդելու աշխատանքին մասին ահազանգ հնչեցուցած է Տէրսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին:
Ըստ «Ակունք»-ի, Միհրան Փրկիչ յայտնած է, թէ Մազկերտի հայկական գերեզմանոցին մէջ մեծ թիւով փոսեր գոյացած են. ան կոչ ըրած է, որ դադարեցուի անտէր մնացած գերեզմանատան աւերումը:
Նշենք, որ 2010-ին Միհրան Փրկիչի ջանքերով Թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ նշեալ միութիւնը, որուն նպատակն է շարունակել հայերէնի պահպանման ուղղուած աշխատանքները եւ վերականգնել հոգեւոր ու մշակութային արժէքները:
CATEGORIES Հայ Դատ