«ԵՍ ՕՃԱԼԱՆԸ ԿԸ ԿԱԽԷԻ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «եթէ 1999-ին մենք համախոհական կառավարութեան մաս կազմէինք, հաստատ պիտի պահանջէինք, որ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը մահապատիժի ենթարկուէր»:

«Երբ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը վերցուեցաւ, Միացեալ Նահանգները եկան ու Օճալանը յանձնեցին: Այդ ժամանակ իշխանութեան գլուխ կանգնած էին Էճեւիտը, Պահչելին եւ Եըլմազը: Անոնք որոշում տուին յետաձգել մահապատիժը: Այդ որոշման տակ անոնց ստորագրութիւնը կայ: Եթէ այն ժամանակ այդպիսի բան չկատարուէր, գործը շատոնց փակուած պիտի ըլլար: Եթէ այդ ժամանակ մենք համախոհական կառավարութեան մաս կազմէինք, մահապատիժ պիտի պահանջէինք: Կա՛մ ան մահապատիժի պիտի ենթարկուէր, կա՛մ մենք հրաժարական պիտի տայինք եւ համախոհական կառավարութենէն դուրս պիտի գայինք», ըսած է Էրտողան:

Մեկնաբանելով Օճալանի այն յայտարարութիւնը, թէ «Էրտողանն ու անոր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը քիւրտերուն հետ պատերազմի լեզուով կը խօսին», Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է. «ՔԱԿ-ը իմ քիւրտ եղբայրներուս ներկայացուցիչը չէ: Մեր կուսակցութեան հիմնադրութենէն ի վեր մենք եղբայրաբար խօսած ենք այս երկրին մէջ ապրող քիւրտին, թուրքին, լազին, չերքեզին, վրացիին, գնչուին, աբխազին եւ արաբին հետ: Քիւրտերը եղբայրներս են: Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը քիւրտերու ներկայացուցիչը չէ եւ յայտնի չէ, թէ ընդհանրապէս որո՛ւն ներկայացուցիչն է: Ինքզինք քիւրտերու ներկայացուցիչ յայտարարելով` կ՛ուզէ կէտեր արձանագրել: Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը բացի շահարկումներէն ի՞նչ տուած է իմ քիւրտ եղբայրներուս: Զբաղած է միայն շահարկումներու քաղաքականութեամբ»:

Share this Article
CATEGORIES