ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ 1967-Ի ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՎ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ վերահաստատեց 1967-ի պատերազմը կանխող սահմաններով պաղեստինեան պետութեան մը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը նկատելու Բրիտանիոյ կեցուածքը:

Հէյկ յայտնեց, որ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողամասերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրերը ապօրինի են եւ խաղաղութեան հաստատման արգելք կը հանդիսանան:

Բրիտանացի նախարարը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ կը գրէ, որ իր երկիրը կը զօրակցի դիւանագիտական հոլովոյթին ու Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ մօտէն կը գործակցի: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի` Պաղեստինը ճանչնալու սպառնալիքին կողքին իր երկիրը ճնշում կը բանեցնէ՞ Իսրայէլի վրայ, ան նշեց, որ հարցը արտաքին ճնշումներ գործադրելը չէ, գետնի վրայ եւ շրջանին մէջ կացութիւնը պէտք է մեծ վտանգի մը զգացումը յառաջացնէ:

Հէյկ դարձեալ ընդդիմացաւ Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկելուն` յայտնելով, որ «այդ մէկը հակառակ արդիւնքի կ՛առաջնորդէ»:

Share this Article
CATEGORIES