«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ» Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Սպիտակ տունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ բիրտ ուժի չափազանցեալ գործածութիւնը եւ կոչ ուղղեց այդ վարմունքը «անմիջապէս» դադրեցնելու: Սպիտակ տունը ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «այս շաբթուան ընթացքին սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեցինք առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ արձանագրուած զոհերուն, որ ըսուեցաւ, թէ իր բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած են, քաղաքային յաւելեալ զոհեր պատճառելով չհակադարձելու»:

«Սուրիական կառավարութիւնը Սուրիան վտանգաւոր ուղղութեամբ կ՛առաջնորդէ», յայտնեց Սպիտակ տունը եւ աւելցուց. «Իւրաքանչիւր սուրիացիի համար կենսական է, որ միասնականութիւնը պահեն ու աշխատանք տանին յարանուանական պայքարէ զգուշանալու եւ իրենց ձգտումները խաղաղ կերպով իրագործելու»:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ կողքին կը կանգնի սուրիացի ժողովուրդին, որ արժանապատիւ կեանք ապրելու եւ իր արժանի եղած ժողովրդավարութեան փոխանցում կատարելու ձգտումին մէջ քաջութիւն ցուցաբերեց: Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ սուրիական ապահովական ուժերը կը շարունակեն ցուցարարներուն վրայ կրակ բանալ, զանոնք խոշտանգել ու ձերբակալել, իսկ քաղաքական բանտարկեալները կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:

«Այս բռնարարքները Միացեալ Նահանգները կը մղեն զօրակցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ սուրիական կառավարութեան արարքները դատապարտող եւ բռնարարքներուն ու մարդկային հիմնական սկզբունքներուն անմիջապէս վերջ տալու կոչ ուղղող որոշումի մը», յայտարարեց Սպիտակ տունը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրբաթ օր յայտնեց, որ Թուրքիան «մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն, եւ մենք իբրեւ զինուորականներ եւ քաղաքայիններ պատրաստ ենք դիմակայելու զարգացումներու բոլոր տարբերակները եւ կը յուսանք, որ վատ զարգացումներ չարձանագրուին: Սակայն կը թուի, թէ հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ չեն ընթանար»: Ան աւելցուց, որ «բոլոր հաւանականութիւնները դիմակայելու միջոցառումները որդեգրեցինք եւ Սուրիոյ իրադարձութեանց մեծ ցաւով կը հետեւինք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ կայունութեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ` վստահեցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցութիւնը եւ զայն թրքական հողամասերուն վրայ հիւրընկալելը կը շարունակուին, մինչեւ որ հարցերը իրենց բնական վիճակին վերադառնան:

 

Share this Article
CATEGORIES