ԹՈՒՐՔԻԱ. ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեանց նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստացած է ձայներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին երրորդ անգամ անընդմէջ ձեւաւորելու երկրին կառավարութիւնը:

Արեւմտեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, ձայներու մօտ 99 առ հարիւրին հաշուարկումին իբրեւ արդիւնք Էրտողանի կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 50 առ հարիւրէն աւելին, ինչ որ կուսակցութեան համար կ՛ապահովէ 326 տեղ` 550 երեսփոխան ունեցող խորհրդարանին մէջ:

Սակայն հակառակ տպաւորիչ յաղթանակին, իշխող կուսակցութիւնը չյաջողեցաւ գերազանցել նախորդ ընտրութեանց ցուցանիշը եւ բաւարար թիւով ձայներ ստանալ` երկրի սահմանադրութիւնը փոխելու կարելիութիւն ունենալու համար: Նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք Էրտողան խոստացաւ այս հարցին մէջ համագործակցիլ խորհրդարան անցած ընդդիմադիր ուժերուն հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES