ՔԱԶԶԱՖԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐԸ ԱՆՏԵՍԱԾ Է

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի մերժած է Լիպիան լքելու դիմաց իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու Անգարայի առաջարկը: «Քազզաֆին այլեւս կորսնցուցած է ղեկավարի իր դիրքերը», ըսած է ան:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը իր կարգին կը գրէ, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ժըպրիլ ըսած է, որ Քազզաֆին առաջարկած է հեռանալ Լիպիայէն եւ բնակութիւն հաստատել կա՛մ Թուրքիոյ, կա՛մ ալ Հարաւային Ափրիկէի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES