Ցաւակցագիր

Սիրելի՛ Սարգսեան ընտանիք, հայրենակիցներ,

Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք հայ մեծանուն դերասան, Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, հասարակական գործիչ, վաստակաւոր համազգայնական, հայ ազգի արժանաւոր զաւակ` Սօս Սարգսեանի մահուան գոյժը: Կեանքէն հեռացաւ հայ մեծ մտաւորական մը, մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է իր հարազատ ժողովուրդին, անմնացորդ ծառայած է հայ մշակոյթին եւ հայոց պետականութեան: Մեծ եւ անգնահատելի է Սօս Սարգսեանի դրոշմը մեր մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Հայ շարժապատկերի եւ հայ բեմի վրայ կերտած իր տասնեակ դերերով, քաղաքացիի իր բացառիկ կեցուածքով, ան մեզի` բոլորիս կու տայ հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան բարձր մակարդակ եւ կը դարձնէ համաշխարհային քաղաքակրթական ու մշակութային արժէքներուն մասնակից ու անոնց կերտման դերակատար: Ան մեր ընտիր տեսակի շառաւիղն էր, որ մեզի արժանապատիւ ապրելու դաս տուաւ: Մեծ է նաեւ Սօս Սարգսեանի աւանդը Հայաստան-սփիւռք հոգեւոր կամրջումին մէջ: Մեծ Վարպետը եղաւ Հայաստանի մէջ Համազգայինի հիմնադիրներէն մին եւ իր անմիջական եւ անմնացորդ ջանքերով 1991-ին հիմնուեցաւ Համազգային թատրոնը` Սօսի փայփայած զաւակը: Սօս Սարգսեան թանկագին ու հարազատ խորհուրդ է ամբողջ հայութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Սարգսեան ընտանիքին եւ մեզի` բոլորիս, այս անվերադարձ եւ համազգային կորուստին առիթով: Սօս Սարգսեան իր մահով մեր տկարութիւնները յաղթահարելու ուղերձ ձգեց` իր անցած ճամբով մեծցնելով ու հարստացնելով մեզ:

Ցաւակցութեան ամենաջերմ զգացումներով,

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ընտանիքի անունով`

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն

Պէյրութ, 28 սեպտեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )