Կռփամարտ. Հայ Մարզիկուհիները Արծաթէ Եւ Պրոնզէ Մետալներու Տիրացան
Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աղջկանց կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ երեք մարզիկուհիներով:
44 քկ դասակարգին մէջ Ֆրիտա Սարգսեան առաջին իսկ հանգրուանէն դուրս մնաց:
54 քկ դասակարգին մէջ Անի Յովսէփեան աւելի յաջող ելոյթ ունենալով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իսկ 50 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Անուշ Գրիգորեան, աւարտականին պարտուելով Եանկ Չանկէն (Չինաստան), տիրացաւ արծաթ մետալին:
Անոնց արձանագրած այս արդիւնքները կարելի է նկատել բաւական յաջող` նկատի ունենալով, որ հայ մարզիկուհիները առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին միջազգային մրցաշարքի մը, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

