«Նպատակը Միշտ Նոյնն Է. Անցնիլ Յաջորդ Հանգրուան» Կ՛ըսէ Վարազդատ Աւետիսեան
Ինչպէս արդէն ծանօթ է, 23-30 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեանութեան Է. խմբակի զտումի մրցաշարքը:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը նախորդ 25 սեպտեմբերին սկսաւ մարզական հաւաքի մը, որ կ՛աւարտի 3 հոկտեմբերին:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հետ ունեցաւ կարճ հարցազրոյց մը` անդրադառնալով զտումի այս մրցաշարքին:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Միշտ, ինչպէս բոլորը, մենք ալ նոյն նպատակը ունինք` անցնիլ յաջորդ հանգրուան: Պաշտպանողական գիծին վրայ որոշ խնդիրներ ունինք, սակայն այժմ կ՛աշխատինք անոնց լուծման վրայ: Եթէ յաջողինք այդ հարցերը լուծել, անպայման կոլեր կրնանք նշանակել: Յամենայն դէպս, պիտի աշխատինք ամէն ինչ ընել` յաջող ելոյթներ ունենալու համար, յատկապէս նկատի առնելով այն կարեւոր կէտը, որ մրցաշարքը մեր մօտ տեղի կ՛ունենայ:
«Արտասահմանէն հրաւիրեցինք 6 ֆութպոլիստներ, որոնցմէ երկուքը չկրցան ժամանել: Իրականութեան մէջ նորեկները այդքան ալ շատ չեն:
«Եզրափակելով ըսեմ, որ շատ աւելի գոհ պիտի մնայինք, եթէ մեր մարզիկները ըլլային 19 տարեկանէն վար մարզիկներուն նման, որոնք երկու տարիէ խումբին մէջ են»: