Ազրպէյճան Այսօր Կը Ստանձնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահութիւնը
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան 1 հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի ստանձնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը: Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Ազրպէյճան Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը կը ստանձնէ:
Նախագահութիւնը Ազրպէյճանին պիտի փոխանցուի Աւստրալիայէն: Ըստ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան, Ապահովութեան խորհուրդը կը կրէ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գլխաւոր պատասխանատուութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամներէ, որոնցմէ հինգը մնայուն անդամներ են, իսկ մնացեալը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ կ՛ընտրուին երկու տարուան ժամկէտով: Իւրաքանչիւր երկիր կառոյցին մէջ նախագահութիւնը կը ստանձնէ մէկ ամսուան համար:
Ազրպէյճան առաջին անգամ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է մայիս 2012-ին:
CATEGORIES Միջազգային