Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ Զահլէի մէջ կողոպտած են Սեւակ Թորգոմեանի ինքնաշարժը` գողնալով անձնաթուղթն ու այլ անձնական փաստաթուղթեր: Անծանօթները ինքնաշարժին ապակին կոտրած են, երբ ան Սայտէ եկեղեցի մտած էր աղօթելու:
ԱՌԵՒԱՆԳԵԱԼ դեղագործ Ուիսամ Խաթիպի ընտանեկան պարագաները բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Քարաքի (Զահլէի մէջ) մուտքին եւ որոշ ժամանակով փակեցին շրջանի մայրուղին: Առեւանգողները 500 հազար տոլար պահանջած են իբրեւ փրկագին:
ԱՆԾԱՆՕԹ մը երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ, Քոքոտիի կամուրջին կից զինարձակման սպառնալիքով կողոպտած է Ռաատ Ազզամ Սամատ անունով քաղաքացի մը` գողնալով անոր բջիջային հեռաձայնը եւ 500 ամերիկեան տոլար, ապա աներեւութացած է:
CATEGORIES Լիբանանեան