Առեւանգեալ Երկու Թուրք Օդաչուներու Հարցով Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ
Առեւանգեալ երկու թուրք օդաչուներու հարցով ամբաստանուած լիբանանցիներու դատավարութիւնը երէկ յետաձգուեցաւ:
Միւս կողմէ, հակառակ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աղբիւրներու հերքումին, լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ մեծ յոյսեր կապեցին գերմանական միջամտութեան գծով: Ըստ այդ աղբիւրներուն, գերմանացի միջնորդ կողմը միաժամանակ կ՛աշխատի բոլոր առեւանգեալներու հարցին գծով` տրուած ըլլալով, որ երկու թուրք օդաչուներու առեւանգումը անմիջական հակազդեցութիւն էր Ազեզի մէջ առեւանգուած ինը լիբանանցիներու հարցին:
Նմանապէս, գերմանական կողմը ընդգծած է, որ կ՛աշխատի նաեւ առեւանգեալ երկու եպիսկոպոսներու` Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի ազատ արձակման գծով` նշելով, որ անոնք ողջ ու լաւ վիճակի մէջ են:
CATEGORIES Լիբանանեան

