«Իբրեւ Քրիստոնեաներ` Մեզի Համար Ուժեղ Պետութիւն Մը Աւելի Շահեկան Է» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց կարող եւ ուժեղ պետութիւն մը կերտելու համար բարեկարգումի անհրաժեշտութիւնն ու պետութեան ձերբազատումը տիրող փտածութեան երեւոյթէն, որ առկայ է գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

«Լիբանան գողցուած երկիր է, եւ մեզի համար` իբրեւ քրիստոնեաներ, աւելի շահեկան է ուժեղ պետութեան մը կերտումը եւ կառուցումը, որպէսզի չստիպուինք զէնք վերցնել` իւրաքանչիւր անկիւնադարձի ինքնապաշտպանութեան համար», շարունակեց Աուն` նշելով, որ եթէ փտածութիւնը համատարած է` կարելի չէ պետութիւն կերտել, իսկ եթէ իշխանութիւնը փտած է` պետութիւնը չի կրնար ուժեղ ըլլալ: Քեսրուանի կնոջական մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով` զօր. Միշել Աուն նշեց, որ զօրաւոր պետութիւնը կ՛առաջադրէ օրէնքներ, որոնք պէտք է յարգուին իշխանաւորներուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES