Փլամպլի Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Փլամպլի եւ վարչապետ Սալամ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ միասնաբար խորհրդակցեցան Նիւ Եորքի հանդիպումներուն արդիւնքներուն շուրջ:

Այս առիթով զեկուցելով Լիբանանին օժանդակելու տրամադիր կողմերու ճիգերուն մասին` Փլամպլի անդրադարձաւ լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն` նշելով, որ վարչապետ Սալամի հետ խորհրդակցած է նաեւ Լիբանանի դէմ ցցուող մարտահրաւէրները լուծելու կարող կառավարութեան մը շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )