Օրինական Ուժերու Տեղակայման Եւ Շրջագայութեան Զուգահեռ. Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Պաալպեքի Հանդարտութեան Ամրապնդման Գծով
Լիբանանեան օրինական ուժերու տեղակայման եւ շրջագայութեան զուգահեռ, առնչակից կողմեր շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները` Պաալպեքի մէջ հանդարտութեան ամրապնդման համար:
Այս ծիրին մէջ Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` դրուատելով բանակի ճիգերը անդորրութեան հաստատման մէջ:
Իր կարգին, սէյիտ Ալի Ֆատլալլա շարունակեց իր հանդիպումները շրջանի զանազան կողմերու ղեկավարներուն հետ` դրուատելով անոնց գործակցութեան ոգին, կացութեան հանդարտեցման համար: «Պաալպեքցիները չեն մխրճուիր քաղաքական կամ դաւանական երկպառակութեան միտող սադրանքներու մէջ», ընդգծեց սէյիտ Ֆատլալլա:
CATEGORIES Լիբանանեան