Սուգի Մթնոլորտի Մը Մէջ. Աքքարի Բնակիչները Շարունակեցին Իրենց Հարազատներու Փնտռտուքի Ճիգերը
Աւստրալիոյ եւ Ինտոնեզիոյ միջեւ ովկիանոսին խորերը ընկղմած նաւու ողբերգութեան հետեւանքները շարունակուեցան երէկ: Աքքարի յատկապէս Քպիիթ գիւղաքաղաքէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ինտոնեզիա` մօտէն հետեւելու այս հարցի զարգացումներուն:
Մալեզիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Տահեր յայտնեց, որ ճիգերը կը շարունակուին Ինտոնեզիոյ եւ աւստրալիական իշխանութեանց հետ եւ թէ թելադրանք ստացած է տեսակցելու փրկուած, բայց արգելափակուած լիբանանցիներուն հետ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերելու Աքքարի մէջ «մոռցուած եւ իրենք իրենց ճակատագիրին ձգուած լիբանանցիներուն նկատմամբ»: «Պատահածը կը հարկադրէ, որ լիբանանեան պաշտօնական մարմինները փութան որդեգրելու արագ միջոցառումներ` արկածին մակարդակով լուծելու համար հարցերը», ընդգծեց Ժոմպլաթ:
Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի տուած իր այցելութեան աւարտին անդրադարձաւ այս ողբերգութեան` զայն նկատելով «ապտակ մը լիբանանցի պատասխանատուներու երեսին»:


