Թորեսի Կախակայումը Կրնայ Երկարիլ, Եթէ…

Իր լուրը քաղելով «Թելեկրաֆ» կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Չելսիի յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես կրնայ կախակայուիլ 4 մրցումով:

Սպանացին նախորդ շաբաթավերջին Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին 82-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, որմէ ետք ուժգնօրէն սեղմեց իր մրցակիցին` Եան Վերթոնկհընի դէմքը:

Օրուան գլխաւոր իրաւարարը` Մայքըլ Տին, այդ պատահարին համար պէտք է բացատրութիւն տայ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:

Եթէ այդ դէպքը ընդունուի, իբրեւ կարմիր քարտի արժանի պատահար, Թորեսի կախակայումը պիտի ըլլայ 3 մրցումով: Սակայն եթէ պատահի, որ ատիկա բացատրուի իբրեւ այլ արարք, անոր կախակայումը կրնայ երկարիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )