Ֆելիքս Պրիխ` Հայաստան – Պուլկարիա Մրցումին Իրաւարարը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ յայտարարուեցաւ, որ 11 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան – Պուլկարիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Ֆելիքս Պրիխ: Կողմի իրաւարարներն են Մարք Պորշ եւ Շթեֆան Լիւպ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Թոպիաս Վելց:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

