Շուէտի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Բերդապահը Վերջին Երկվայրկեանին Հաւասարեցուց Արդիւնքը

Նախորդ շաբաթավերջին Շուէտի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Վարնամօ – Վարպերկս մրցումը, որ վերջ գտաւ 3-3 հաւասարութեամբ, եղաւ բաւական հետաքրքրական այն իմաստով, որ հիւրընկալ կազմի բերդապահ Պիոռն Աքեսըն եղաւ իր կազմին հերոսը:

Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն ան լքելով իր բերդը ուղղուեցաւ դէպի մրցակից կազմին մեծ քառակուսին եւ իր մօտ եկած գնդակը զետեղեց Վարպերկսի բերդին մէջ, այսպիսով իր կազմը փրկելով ստոյգ պարտութենէ մը: Կիսախաղին անոր կազմը 2-1 արդիւնքով ուշացած էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )