Միլան Մօտէն Հետաքրքրուած` Քասիասով
Ըստ սպանական մամուլին, Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիաս այս ձմեռ պիտի փոխանցուի Ա. Սէ. Միլանի` նկատի ունենալով, որ վերջինիս պատասխանատուները, մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով սպանացի միջազգային բերդապահով, անոր գործակալներուն հետ կ՛ունենան լուրջ բանակցութիւններ:
32 տարեկան բերդապահը այս տարեշրջանին ընդամէնը 15 վայրկեան դաշտ ներկայացած է, այդ ալ` Կալաթասարայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին, որուն ընթացքին վիրաւորուած է:
Քասիաս մեծապէս մտահոգ է, որ եթէ շարունակէ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուիլ, հիմնական բերդապահի իր դիրքը պիտի կորսնցնէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մէջ եւս:
CATEGORIES Մարզական

