Պեշիքթաշ Ստացաւ Պատիժներ
Իր լուրը քաղելով sports.ru կայքէջէն` ArmSports.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Պոլսոյ Պեշիքթաշը Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր յաջորդ չորս մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` Կալաթասարայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին արձանագրուած վայրագութիւններուն պատճառով:
5-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած այս մրցումին 91-րդ վայրկեանին, Պեշիքթաշի համակիրները դաշտ խուժեցին եւ կատարեցին վայրագութիւններ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումը մնայ անաւարտ:
Բացի ատկէ, Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուգանքներ սահմանեց Պեշիքթաշի դէմ եւ անոր մարզիչը` Սլաւեն Պիլիչը երեք մրցումով կախակայեց:
CATEGORIES Մարզական