Մաուրօ Քեւքէօզեան` Դարձեալ Գեղեցիկ Կոլի Հեղինակ
Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սփորթ Խուանքայօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ալիանցա Լիման, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Հիւր կազմը` Ալիանցա, ինք եղաւ մրցումին առաջին կոլը նշանակողը, շնորհիւ հայազգի Մաուրօ Քեւքէօզեանի նշանակած կոլին (38-րդ), որ անգամ մը եւս հմայեց բոլորը:
ArmSport.am այս գծով կ՛աւելցնէ, որ այսպիսով Մաուրօ իր կատարած վերջին 9 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց իր 5-րդ կոլը:
Այժմ Ալիանցա 54 կէտով կը գտնուի դասաւորման 3-րդ դիրքին վրայ:
CATEGORIES Մարզական