ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ – ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ – ԼԱՒՐՈՎ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 11 յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, արտաքին գործոց նախարարներու քննարկումներուն իբրեւ կարելի եղած է մօտեցնել դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու շարք մը առանցքային հարցերուն շուրջ: Փաստաթուղթի նախագիծը պիտի քննարկուի յունիսի վերջաւորութեան` Քազանի մէջ նախատեսուած եռակողմանի վեհաժողովին ընթացքին:
CATEGORIES Հայկական

