ՇՈՒԷՏԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
13-14 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Երեւան պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ:
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է, որ Պիլտթ հանդիպումներ ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել հայ-շուէտական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցեր, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները եւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութեանց ներկայ փուլը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու լայն շրջանակ մը:
CATEGORIES Հայկական