ԱԼԻԵՒԻ ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ` ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԵՒ ՔԱԶԱՆԷՆ ԱՌԱՋ

Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան արտաքին  գործոց նախարարներու ձեւաչափով կայանալիք հանդիպումէն անմիջապէս առաջ եւ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք միջնախագահական հանդիպումի նախօրէին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փութար յայտարարելու հետեւեալը.

«Յոյսով եմ, որ տեղի ունեցող բանակցութիւնները արդիւնք կու տան եւ «կը վերականգնի» Ազրպէյճանի  տարածքային ամբողջականութիւնը: Ներկայի գոյավիճակը (սթաթիւս քօ) պէտք է փոխուի: Այժմ լաւ պայմաններ ստեղծուած են ղարաբաղեան տագնապի արդարացի լուծման համար»:

Այստեղ ալիեւական տրամաբանութիւնը վերլուծելը մեծ ճիգի չի կարօտիր անշուշտ: «Արդարացի» լուծումը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան «վերականգնում»ով կը պայմանաւորուի: Այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով` աւելորդ է խօսիլ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան մասին, ինչպէս հրապարակայնօրէն կը յուսայ Ազրպէյճանի նախագահը: Նոյն յանկերգն է, որ կը շեշտուի Ազրպէյճանի թիւ մէկ ղեկավարին բերնով, ինչ որ ընդհանրապէս բանակցելու տեղ չի ձգեր եւ կ՛իմաստազրկէ ամբողջ գործընթացը: Ինչի՞ շուրջ պէտք է միջնորդեն գերտէրութիւնները եւ ինչի՞ մասին պիտի բանակցի հայկական կողմը, եթէ խօսքը Արցախի ներկայ սահմաններուն Ազրպէյճանի վերադարձին մասին է:

Ազրպէյճան կը յայտնուի  միաժամանակ ռազմատենչ յայտարարութիւններ կատարողի, հրադադարը խախտողի եւ բանակցութիւնները ի սկզբանէ պայմանաւորողի դիրքին վրայ: Սակայն նման պայմանական մօտեցումներով ամբողջ գործընթացը հարուածող պաշտօնական Պաքուն, չ՛ենթարկուիր միջազգային ընտանիքի եւ միջնորդ պետութիւններու համապատասխան վերաբերումին, եթէ խուսափինք մեղադրանք կամ դատապարտանք բառեզրերը օգտագործելէ: Այնպէս ինչպէս հաւասարեցումի փորձ կը կատարէ միջազգային ընտանիքը, ի տես հրադադարի խախտումի միակողմանի սանձազերծումներուն եւ ի լուր Պաքուէն մնայունօրէն հնչող պատերազմի սպառնալիքներուն:

Հարցը այս պարագային ոչ թէ Պաքուի վարքագիծն է, որ հիմնական նորութիւն չէ, այլ Ալիեւի ծխածածկոյթ յառաջացնելու ձախող փորձը` լաւատեսութիւն ցուցադրելու Քազանի հանդիպումէն առաջ: «Յոյս», «արդիւնք», «վերականգնում», «գոյավիճակի փոփոխութիւն», «արդարացի լուծում»` մէկ պարբերութեան մէջ այսքան լաւատեսութիւն ներշնչող բառակապակցութիւններու օգտագործումը բեկումնային պահի սպասման հանգրուան ձեւաւորող յստակ քաղաքականութիւն է, որ կը թուի համահունչ ըլլալ միջազգային ընտանիքին կողմէ յայտարարողական հարթութեան վրայ յառաջացած մթնոլորտին: Թէեւ, ինչպէս վերը մատնանշուեցաւ, «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում»ի պայմանական հաստատումը կը ջրէ միւս լաւատեսական բոլոր բաղադրիչները եւ կը փարատէ մշուշը: Տակաւի՛ն. ռազմատենչ հռետորութիւնը լռելեայն ձեւով կը վերայայտնուի բանակցային կարեւոր հանգրուանի նախօրեակին: Ըստ Ալիեւի, Քազանը Ղարաբաղի հարցի լուծման վերջին հնարաւորութիւնն է: Վերջին հնարաւորութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնայ Ազրպէյճանի նախագահը: Քազանը եթէ չարդիւնաւորուի, կա՛մ բանակցութիւնները կը դադրեցուին, կա՛մ ալ պատերազմը կը վերսկսի: Քաղաքական նման յայտարարութիւն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սպառնալիք: Պատերազմը վերսկսելու սպառնալիք, որ անուշադրութեան պէտք չէ մատնուի միջնորդ պետութիւններուն կողմէ:

Մինչեւ Քազան աճապարելու, համաձայնական տարազներու յանգումը չյետաձգելու անվերջանալի պահանջները երեւցան Տովիլի մէջ եւ Տովիլէն ետք` յատկապէս լրագրական, փորձագիտական եւ քաղաքական որոշ շրջանակներու մօտ: Հայկական կողմը զսպուածութիւն ցոյց կու տայ բոլորին նկատմամբ: Իրաւամբ: Շաբաթ օր էր միայն, Մոսկուայի հանդիպումի աւարտին, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն, ուր կ՛ըսուէր, թէ քննարկումներու արդիւնքը յաջողած է  մերձեցնել դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու  շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ: Փաստաթուղթի նախագիծը պիտի քննարկուի յունիսի վերջին, Քազանի մէջ նախատեսուած եռակողմ գագաթաժողովի ընթացքին: Մօտաւորապէս նման բանաձեւում քանի մը անգամ յայտարարուած է  բանակցային տարբեր հանգրուաններուն:

Արդիւնք ապահովելու համանախագահներուն ցանկութիւնը դժուար որ իրականանայ, մանաւանդ Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնները նկատի առած: Իսկ այստեղ պատասխանատուութեան համահաւասարեցումի որեւէ մօտեցում պարզապէս ընկալելի չ՛ըլլար:

Share this Article
CATEGORIES