ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բանջարեղէնները լաւ վիճակի մէջ են` շեշտելով, որ տարրալուծարանային անհրաժեշտ բոլոր քննութիւնները կատարուած են ստուգելու համար անոնց մանրէազերծ ըլլալը: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ ինք պիտի արտօնէ, որ Եւրոպայէն բանջարեղէնի ներածումը վերսկսի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց շուտով կազմելու կառավարութիւնը. ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական բոլոր կողմերը` գիտակցելով իրենց պատասխանատուութիւններուն, պէտք է յստակ եւ վերջնական որոշում մը տան այդ առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ իրենք շատ մօտեցած են կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ նախաձեռնութիւնը եւ վերջին քայլը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին կը պատկանի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով իրենք լաւատես են` նկատել տալով միաժամանակ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման քաջ գիտէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրին հրապարակումը սահմանադրական պարտականութիւն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել այս շաբթուան ընթացքին` նկատել տալով, որ կառավարութեան կազմը գրեթէ աւարտած է, եւ աւելցնելով, որ այդ առումով կան որոշ մանրամասնութիւններ, որոնք պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին:

ՊԱՏՏԱՈՒԻԻ զտարանին մէջ երէկ յետմիջօրէին բռնկեցաւ հսկայ հրդեհ մը, որուն դրդապատճառները կարելի չեղաւ բացայայտել: Հրշէջներն ու բանակին ուղղաթիռները ամէն ջանք ի գործ դրին մարելու համար այդ հրդեհը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ եթէ իսկապէս արտաքին ճնշումներ չեն բանեցուիր Լիբանանի վրայ, ապա յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք պիտի վկայենք կառավարութեան կազմութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` Մերժահիունի, Հասպայայի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի օր (վաղը):

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ներքին լիբանանեան հարց է` աւելցնելով միաժամանակ, որ լիբանանցի քաղաքական կողմերը պատասխանատու են այդ հոլովոյթին: Ասիրի դրուատեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը` զայն նկատելով կարեւոր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES