«ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԻՄԱՆԱՆ, ՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏՆ Է» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Ռայի պատրիարքը կը նախագահէ Հոգեգալստեան տօնի պատարագին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած Հոգեգալստեան տօնի պատարագին, որուն ընթացքին ան իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, որ ծառայութեան եւ նուիրումի գագաթնակէտն է:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կը շարունակէ նախագահել մարոնի եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 15 յունիս: Ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին մարոնի համայնքի առաջնորդարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարիքները` լիբանանեան թէ արտերկրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ օր Պքերքէի մէջ վերջ գտաւ Մարոնի միաբանութեան դռնփակ նիստը, որ սկսած էր մէկ շաբաթ առաջ:

Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններն ու պատասխանատուները պէտք է կազմեն երկրին կառավարութիւնը եւ առանց յաւելեալ անտեսումի ստանձնեն լիբանանցիներուն ծառայելու պարտականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES