ՈՒԱՀԱՊ. «ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՆԵՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ` ԱՐՏԱՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ»

Ուիամ Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք յոռետես է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով` շեշտելով, որ բոլոր վերլուծումները ցոյց կու տան, թէ կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կազմել յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին, «սակայն ես վստահ եմ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան կազմը պիտի չվաւերացնեն` արտաքին պատճառներով», աւելցուց ան:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ Նեժիպ Միքաթին վարչապետ նշանակելը ճիշդ որոշում մը չէր` ընդգծելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի պիտի չըլլայ առանց սուրիական-սէուտական նախաձեռնութիւնը վերակենդանացնելու:

«Ներքին լիբանանեան իսկական խորհրդակցութիւններ պէտք է կատարել երկրին դիմագրաւած տագնապին առնչութեամբ, որպէսզի կարենանք յարմար լուծումներ ապահովել Լիբանանին` դուրս գալով անձնական նեղլիկ շահերու հետապնդումէն», ըսաւ ան:

Ուահապ դիտել տուաւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն չկազմուի, ապա երկիրը քաղաքական կայունութիւն պիտի չվայելէ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է պետական եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ Սուրիոյ զօրակցի, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ որեւէ լուրջ խախտում իր ուղղակի եւ անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: «Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Սուրիան պաշտպանել, որովհետեւ զայն պաշտպանելով պաշտպանած կ՛ըլլանք Լիբանանը եւ ամբողջ շրջանը», եզրափակեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES