ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՐԻՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

Ըստ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին, գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանէն դուրս կը գտնուի ամերիկեան թելադրանքով:

Իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ` «Ռայ» ընդգծեց, որ ամերիկեան վարչակազմի անդամ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրին տեղեկացուցած են, որ իրենք կրցած են բացայայտել, թէ զինք մահափորձի ենթարկելու ծրագիր մը կար, որ պիտի գործադրուէր Պէյրութի մէջ մայիս ամսուան ընթացքին:

Քուէյթեան օրաթերթին համաձայն, Հարիրի նոյնանման զգուշացումներ ստացած է նաեւ սէուտցի եւ ֆրանսացի պատասխանատուներէ:

«Ռայ» կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն, Փարիզ եւ շրջանին մէջ գտնուող կարգ մը մայրաքաղաքներ կրցած են գիտնալ, թէ անցեալ օգոստոսէն ի վեր Սաատ Հարիրին կը հետապնդեն, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ, եւ օդակայանին մէջ կը հետեւին անոր:

«Նկատի ունենալով այս տեղեկութիւնները` վերոնշեալ երկիրները խնդրած էին Հարիրիէն Լիբանանի մէջ իր շարժումներուն ընթացքին առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալ», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:

«Ռայ»ի մէջ լոյս տեսած այս տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ուաշինկթըն թելադրած է Հարիրիին նուազագոյնը այս հանգրուանին Լիբանանէն դուրս մնալ` անոր ապահովութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES