«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Եւ Հիմնօրհնէքի Արարողութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մուսալեռցի գաղթականները Այնճարի մէջ 1939-ին

Մուսա լերան հայութիւնը 1939-ին իր բնօրրանէն տեղահանուելէն ետք տեղափոխուած էր Լիբանան, Պեքաայի դաշտը, ուր հիմնուած էր Այնճար աւանը: Երկրաչափ Յակոբ Քէշիշեան պատրաստած էր գիւղին յատակագիծը, որ կը ներկայացնէր արծիւ մը, եւ որ իր կարգին կը խորհրդանշէր մուսա լեռցիներուն հերոսական խոյանքները: 1940-ի ամրան արդէն կառուցուած էին բնակարաններուն մէկ մասը, իսկ 1941-ին աւարտեցաւ բնակարաններուն շինութիւնը: 1946-1947-ին 548 ընտանիքներ հայրենիք ներգաղթեցին, որմէ ետք 468 ընտանիքներ մնացին Այնճարի մէջ:

*
*    *

«Ազդակ» 10 օգոստոս 1963-ի թիւով եւ «Հրաշքը Այնճարի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Յառաջդիմութիւնը որ իրագործուած է Այնճարի մէջ հրաշքի համազօր է: Հրաշքը հալածուած ու տանջուած, չարչարուած ու կոտորակուած ժողովուրդի մը վերածնունդն է: Հրաշք որ պէտք է ամէն մի հայու սիրտը հպարտութեամբ լեցնէ: Ճեպէլ Մուսայէն ափ մը հայեր տեղափոխուեցան Այնճարի անապատային հողամասին վրայ: Գրեթէ մերկ ու տկլոր երբ եկան այս ճախճախուտ եւ հիւանդութիւններով լի անկիւնը` անոնք իրենց թիւին մէկ չորրորդն ալ զոհ տուին մալարիայի: Վրայ հասաւ Բ. Աշխարհամարտը, 1939-ին թշուառութիւնը մեծապէս սաստկացնելով ժողովուրդը յոյժ տառապեցաւ: Անդադար աշխատեցաւ ցերեկ թէ գիշեր, համբերեց ու յուսաց եւ վերջապէս հասաւ այսօրուան մակարդակին: Ճախճախուտները վերածուեցան հազարաւոր հեքթար խնձորենիի պարտէզներու, որոնք հարիւր հազարաւոր սնտուկ խնձոր կ՛արտադրեն: Բազմաթիւ հաւնոցներ կան, 60,000-է աւելի հաւերով: Հարիւրաւոր թոն ընտիր խաղող կ՛արտադրուի ամէն տարի, կան բազմաթիւ հոլանտական կովեր որոնք օրական հարիւրաւոր լիթր կաթ կու տան: Կայ երկու երկրորդական վարժարան, երեք նախակրթարան եւ երեք մանկապարտէզ: Ամէն տուն ունի ջուր եւ ելեկտրականութիւն: Փողոցները ասֆալթապատ են»:

*
*    *

Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 16 մարտ 1959-ին: «Ազդակ», 17 եւ 20 մարտ 1959-ի թիւերով, յատուկ թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան:

Մարտ 16, 1959, Այնճարի տարեգրութեանց մէջ պատմական պիտի մնայ, որովհետեւ հայ առաքելական համայնքը այդ օրը տարիներէ ի վեր իր երազած Եկեղեցին ունեցաւ:

Այնճար 1940-ին

Մարտ 16-ը իսկական տօնական օրուան մը վերածուած էր Այնճարի մէջ: Բոլոր աշակերտները իրենց տօնական զգեստները հագուած դէպի իրենց վարժարանները կը դիմէին կարգի մտնելով պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցելու համար: Կարգադրիչ յանձնախումբը հրաւիրագիրները բաժնելով բոլոր պաշտօնական մարմիններուն, միութիւններուն եւ այլն, մասնակցութիւնը կ՛ապահովէր: Ժամը 8:30-էն սկսեալ այր մարդիկ հրապարակին վրայ էին գալստեան ժամը գիտնալու, երկու յաղթական կամարները դիտելու, անոնց բարեզարդումին իրենց ալ մասնակցութիւնը բերելու համար: Յաղթական կամար մը կառուցանել տուած էր քաղաքապետութիւնը ժամացոյցէն քիչ առաջ, ուրիշ մըն ալ աւելի վեր ՀՄԸՄ-ը:

Նախ Ազգային Յառաջ վարժարանի աշակերտութիւնը եկաւ տեղ գրաւելու քաղաքապետութեան կամարէն դէպի վեր, ժամը 9:00-ին ատենները Անարատ Յղութեան Քոյրերու վարժարանը Բաբգէն Սիւնի ակումբին ճամբուն վրայ երեւցան արծուիկները իրենց վարիչով, դրօշակով եւ խմբապետներով:

10:30-ին ատենները հիւրերու ինքնաշարժերու ժամանումը սկսաւ, նախ իբր աւետաբեր Սիմոն Վրացեանը երեւցաւ: Ապա ժամանեցին պաշտօնական մարմինները, երեք համայնքներու թաղականութիւնները իրենց հոգեւոր պետերով, Քաղաքապետական խորհուրդը, միութիւններու վարչութիւնները, եւ ոստիկան զինուորներու փոքր խմբակ մը:

Աղաւնիները իրենց ազատ թռիչքով, իսկ համայն ժողովուրդը Այնճարի իր ծափողջոյններով գերշ. Խորէն արք. Բարոյեանի գալուստը ողջունեցին: Իրեն կ՛ընկերանային գերշ. դրան սրբազանը կաթողիկոսին կողմէ եւ երկու քահանայ հայրեր Պէյրութէն:

Ուրիշ ինքնաշարժէ մը ելան տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան, զանազան ինքնաշարժներով եկան այլ ազգայիններ:

Հիւրերու հետ փոխադարձ բարի գալստեան մաղթանքներու փոխանակութենէն վերջ թափօրը կազմուեցաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ կանգնած ժամացոյցը, որ նուէրն է Ճորճ Մարտիկեանի: Քոյր Հետուիկի հետ աշտարակէն ներս մտնելով տեսան մեքենան, անկէ վերջ տաւուլ զուռնայի առաջնորդութեամբ յառաջացան դէպի հիմը:

Անմիջապէս հիմնաքարին օրհնութեան կրօնական արարողութիւնը սկսաւ: Ճորճ Մարտիկեան գիրկը առաւ իբր կնքահայր, հիմնաքարը, առաջնորդ սրբազանը Մաշտոցի համեմատ զայն օծեց եւ օրհնեց: Կնքահայրը իջաւ հիման փոսը եւ շաղախով ամրացուց տեղը: Ոչխար մը մորթուեցաւ ըստ աւանդութեան: Կրօնական մասը վերջանալէն յետոյ Խորէն սրբազան նախ խօսք առաւ: Ըսաւ թէ երջանիկ է որ իրեն վիճակուած է հիմը դնել հայկական եկեղեցւոյ մը եւս սփիւռքի մէջ, այդ ալ կնքահայրութեամբ ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեանի: Երջանիկ է որ արտասահմանի մէջ, ուր այնքան կարիք ունինք ինքնապաշտպանութեան, ամրոց մը եւս կը կառուցանենք, որովհետեւ եկեղեցի եւ վարժարան հայ ինքնապաշտպանութեան բերդերն, ամրոցներն են: Այնճարի հայ եկեղեցին պիտի ըլլայ ամրոցը, որու հովանիին տակ հայութիւնը ապրի իր նախնեաց հաւատքով եւ աւանդութիւններով:

Ըսաւ թէ Աստուծոյ վրայ ապաւինելով կը դնենք այս հիմը եւ այն հաստատուն հաւատքն ունինք թէ պիտի ի գլուխ հանենք: Նոյնպէս կ՛ապաւինինք հայ բարեկրօն ժողովրդեան վրայ, որուն հոգիէն ներս շատ խոր է քրիստոնէական հաւատքը եւ վստահ ենք որ կը քաջալերէ մեր ձեռնարկը:

Շնորհակալութիւն յայտնեց Ճորճ Մարտիկեանի, բոլոր ազնիւ հիւրերուն, ըլլան անոնք Եգիպտոսէն կամ Պէյրութէն, շնորհակալութիւն նաեւ Այնճարի ժողովուրդին, որ քաջալեր կը կանգնի եկեղեցւոյ եւ վեհափառին կողմէ օրհնելով բոլորը խօսքը վերջացուց:

Ճորճ Մարտիկեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած պատուին եւ տրուած ուրախութեան համար: Ըսաւ թէ մեծ տեղ պահած է սրտին մէջ Մուսա Լերան ժողովրդեան, որ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդին վարկը բարձրացուց իր քաջարի դիմադրութեամբ: Յորդորեց որ այս պատուական եւ պատմական անունը բարձր եւ անաղարտ պահեն, որ ամէն ոք իր կարողութեան չափով իր լուման տայ այս աստուածահաճոյ գործին համար եւ բարի օրինակ մը ըլլալու համար իր կողմէն նուիրեց 5000 լ. ոսկի եկեղեցւոյ շինութեան եւ 5000 ոսկի ալ Ազգային վարժարանին:

Այնուհետեւ, հիւրերը Այնճարի նշանաւոր տաւուլ զուրնայով, առաջնորդուեցան Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր Տիգրանեան սրահին մէջ հիւրասիրուեցան շամփանեայով: Քիչ ետք, սկսաւ Ճեպել Մուսայի աւանդական պարը, որուն խանդավառուած մասնակցեցան նաեւ Ճորճ Մարտիկեան եւ միւս հիւրերը, խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:

Կէսօրին, Լիբանանի Ազգային Գաւառական ժողովի ատենապետ Միսաք Ազիրեան Շթորայի Մասապքի պանդոկին մէջ սարքեց շքեղ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ տէր եւ տիկին Մարտիկեաններու: Ճաշկերոյթին նախագահեց Զարեհ Ա. կաթողիկոս, մասնակցեցան Խորէն, Արտակ եւ Հրանդ սրբազանները, քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան եւ տիկինը, Ազգային Ընդհ. ժողովի, Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Գաւառական եւ Քաղաքական ժողովներու դիւանները, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Խօսք առին Կարօ Սասունի, Ղազար Չարըգ, Գաբրիէլ Լազեան, Խորէն սրբազան եւ Ճորճ Մարտիկեան: Բոլորն ալ շեշտեցին Կիլիկեան Աթոռի ամրապնդման եւ Հայաստանեայց եկեղեցիի բարեզարդման անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառը դրուատեց Ճորճ Մարտիկեանի ազգանուէր գործունէութիւնը եւ աղօթքով փակեց սեղանը:

*
*    *

Այնճար կազմաւորման առաջին ամիսներուն

Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 1960-ին: «Ազդակ» 11 եւ 12 նոյեմբեր 1960-ի թիւերով եւ «Այնճարի եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը» խորագիրով թղթակցութիւններով կը գրէր.

Կիրակի, 30 հոկտեմբերին, Արեւագալէն առաջ, բնութեան զարթնումին հետ միատեղ, եկեղեցւոյ կոչնակը սկսաւ հնչել մեղմօրէն, աղօթքի եւ տօնախմբութեան հրաւիրելով բարեպաշտ եւ եկեղեցասէր մեր ժողովուրդը:

Պատարագը սկսած է: Պատարագիչն էր Տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիգեան: Դպրաց դասը կը ղեկավարէ Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ` Գէորգ Յ. Պուրսալեան:

Այնճարը տօնական օրերու կերպարանք է զգեցած: Ցնծութիւնն ու խանդավառութիւնը` իրենց գագաթնակէտին են հասած, որովհետեւ հայ տաճարի մը հիմերը կը դրուին:

Ժողովուրդը լուռ երկիւղածութեամբ կ՛աղօթէ, յաջողութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքները շրթներուն:

Գիւղաքաղաքին կեդրոնական հրապարակին վրայ, տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններու նուիրատուութեամբ կանգնած աշտարակաւոր մեծ ժամացոյցին առընթեր, կը հնչեն Ճեպէլ Մուսայի աւանդական տաւուլն ու զուրնան, ի փառս օրուայ տօնակատարութեան, եւ հետզհետէ ժամանող մեծանուն հիւրերուն:

Ժամը 9:15-ին, կը ժամանէ առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Խորէն արքեպիսկոպոս:

Ժամանակին տեղ հասան պետական հայ երեսփոխանները եւ այլ ազգայիններ Պէյրութէն եւ շրջաններէն:

Պատարագի լրումէն առաջ, սրբազան հայրը տուաւ իր քարոզ-պատգամը:

«Սիրելի ժողովուրդ հայոց`

Զարեհ Ա., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը, անձամբ պիտի չկրնայ հովանաւորել այսօրուան փառաշուք ու սրբազան արարողութիւնները: Ես, բերած եմ ձեզի, իր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները:

Չափազանց ուրախ եմ ու հպարտ, որ այսօր, հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ, նոր ու լուսաւոր էջ մը կը բացուի, յանձինս ձեզի, սիրելի այնճարցիներ: Հայ ուղղափառ հաւատքի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, որ կեանք եւ ճշմարտութիւն կը բաշխէ հայութեան ամէնուրեք, հիմերը պիտի դրուին այսօր, Այնճարի մէջ, Յիսուսի տասներկու առաքեալներու, երկու աւետարանիչներու, Պօղոս Առաքեալի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուններով: Չորս Աւետարանիչներէն երկուքը` Մատթէոսն ու Յովհաննէս` առաքեալ ըլլալով, դասուած են առաքեալներուն շարքը:

Այս տասնեւվեց սուրբերու անունով կը բարձրանան հայ եկեղեցւոյ տասնեւվեց սիւները, կնքահայրութեամբ տասնեւվեց ազգայիններու, որոնք իրենց գիրկը կ՛ունենան տասնեւվեց խաչանիշ հիմնաքարեր»:

*
*    *

Այնճար 1941-ին

Ս. պատարագի աւարտումէն յետոյ, հանդիսաւոր թափօրով, աւուր պատշաճի շարականներու երգեցողութեամբ, զորս կ՛երգէր դպրաց դասը, եւ առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ, հաւատացեալներու բազմութիւնը, կատարեալ կարգապահութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի շինութեան վայրը, ուր արդէն բացուած էին եկեղեցիին տասնեւվեց հիմերը, համաձայն Մայր Մաշտոցի ցուցմունքին:

Սրբազան հօր կողքին կը գտնուէին պատարագիչ քահանան` Տէր Նարեկը, զգեստաւորուած, Տէր Խորէն Ա. քհնյ. Աճէմեան ու Տէր Վահան քհնյ. Քէնտիրճեան:

Հասաւ թափօրը: Սկսան հիմնօրհնէքի հոգենորոգ արարողութիւնները, խորին լռութեան մէջ:

Այս խորախորհուրդ պահուն, առաջնորդ սրբազանը շուրջանակի դարձաւ ու «Առաքելոց Աղաւնոյ» շարականի քաղցրալուր երգեցողութեամբ, սրբալոյս միւռոնով, առանձին առանձին օծեց տասնեւվեց հիմնաքարերը: Այս սրբագործուած խաչքարերը, կնքահայրերու ձեռամբ իջեցուեցան փորուած հիմերուն մէջ, ու զենուած մատաղներու արիւնով շաղուած` շաղախով ծածկուեցան:

Կնքահայրերուն անունները, որոնք կը ներկայացնեն տասնեւվեց սուրբերը, Մայր Մաշտոցի ցուցմունքով:

Միսաք Ազիրեան` Պետրոս առաքեալ, Մովսէս Տէր Գալուստեան` Անդրէաս առաքեալ, մեթր Խաչիկ Պապիկեան` Փիլիպպոս առաքեալ, մեթր Սուրէն Խանամիրեան` Գրիգոր Լուսաւորիչ, մեթր Վարդգէս Շամլեան` Բարթողիմէոս առաքեալ, տոքթ. Գեղարդ Մաթոսեան` Սիմոն Կանանացի, Բիւզանդ Թիւթիւնճեան` Մատաթիա առաքեալ, Վարդան Ազիրեան` Թադէոս առաքեալ, Շուֆիկ Տմլաքեան` Յակոբոս առաքեալ, Սարգիս Պլղէշեան` Յակոբ առաքեալ, Մովսէս Մախուլեան` Թովմաս առաքեալ, Սարգիս Պլղէշեան` Յակոբ առաքեալ, Մարտիրոս Հապէշեան` Պօղոս առաքեալ, Խաչեր Հերկելեան` Մատթէոս Աւետարանիչ, Աւետիս Ստամպուլեան` Մարկոս Աւետարանիչ, Հաւաթեան եղբարք կնքահայր Գեղամ, Ղուկաս Աւետարանիչ, Պետրոս Գարագաշեան` Յովհաննէս Աւետարանիչ:

Սրբազնագոյն արարողութիւններու կատարումէն յետոյ, հանդիսապետ սրբազանը «Օրհնութիւն եւ փառք հօր»-ը արտասանեց: Հաւատացեալները միաբերան երգեցին «Հայր Մեր»-ը:

Արարողութիւններու աւարտումին, սկսան կրկին հնչել տաւուլն ու զուրնան: Ճեպէլ Մուսայի գեղջկական պարերն ու խրախճանութիւնները իրար յաջորդեցին, որ տեւեցին մինչեւ ուշ ատեն,  խանդավառելով մեր պատուական հիւրերը, Այնճարն ու այնճարցին:

Կէսօրուայ ճաշին, սրբազան հայրն ու իր հետեւորդները, ինչպէս նաեւ տասնեւվեց կնքահայրերը, հիւրերը եղան թաղական խորհուրդին:

Ճաշի տեւողութեան ընթացքին, խօսք առին Արժ. տէր Խորէն քհնյ. Աճէմեան, Տէր Վահան քհնյ. Քէնտիրճեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ տոքթ. Գեղարդ Մաթոսեան, եկեղեցւոյ շինութեան, հայ ժողովուրդի գոյապահպանման եւ հայ մշակոյթի զարգացման դրուատիքն ընելով:

Վերջին խօսողը եղաւ Խորէն արք. Բարոյեան, որ, իր շինիչ ու դաստիարակիչ խօսքերը այսպէս վերջացուց. «Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օրհնութեամբ, եւ հայ ժողովուրդի բոլորանուէր օժանդակութեամբ, պիտի բարձրանայ երկնասլաց գմբէթը եկեղեցւոյ, որ խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ու անպարտելիութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )